Պաքու գտնուող Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսկի Խումբի համանախագահները պէտք է բարձրացնեն ղարաբաղեան-ատրպէյճանական շփման գիծին վրայ տեղի ունեցող լարուածութեան հարցը ու դիրքորոշում յայտնեն սահմանի վրայ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն առնչութեամբ:
Լ.Ղ.Հ. նախագահի մամուլի խօսնակ Դաւիթ Բաբայեանի խօսքով` Ստեփանակերտի կոչը թէ՛ համանախագահներուն, թէ՛ միջազգային հանրութեան մէկն է. ատրպէյճանական կողմին պէտք է հասկցնել, որ անոր գործողութիւնները անպատժելի չեն: «Միջազգային հանրութիւնը պէտք է կոշտ դիրքորոշում ընդունի Ատրպէյճանի սադրանքների նկատմամբ: Արցախը պատասխանել եւ պատասխանում է ցանկացած նման սադրանքի եւ մենք թշամու ագրեսիան (յարձակումը) կանխելու ենք, բայց միջազգային հանրութիւնն էլ պէտք է իր դիրքորոշումը ցոյց տայ: Եթէ ցոյց չի տալիս, ագրեսորին (նախայարձակին) անպատժելիութիւնն ու աչքակապութիւնն աւելի է խթանում»,- ըսած է Բաբայեան:
Անդրադառնալով վերջին օրերուն սահմանի լարուածութեան կտրուկ աճին` Բաբայեան ըսած է, որ Արցախի մէջ ատիկա չեն համարեր տարօրինակ զարգացում, քանի որ լաւ կը ճանչնան դրացի պետութիւնը: «Ատրպէյճանը միշտ եղել է ապակառուցողական եւ ի սկզբանէ կառուցում է ֆաշիստական, նացիստական պետութիւն, որն իր էութեամբ ագրեսիւ է` ինչպէս ներսում, այնպէս էլ դրսում: Եւ մեզ համար չպէտք է տարօրինակ կամ զարմանալի լինի Ատրպէյճանի այսօրուայ պահուածքը: Այո, Պաքւում Եւրոպական Խաղերի անցկացման ժամանակ նրանք համեմատաբար աւելի քիչ էին խախտում հրադադարի ռեժիմը, սակայն տեսնում ենք, որ Ատրպէյճանի դիրքորոշման մէջ ընդհանուր առմամբ ոչինչ չի փոխուել եւ այդ երկիրը շարունակում է նոյն ուղին»,- ըսած է Դաւիթ Բաբայեան:
Պաքուի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպական Խաղերու աւարտէն ետք Ատրպէյճանի նախաձեռնութեամբ խիստ լարուածութիւն կը նկատուի ղարաբաղեան-ատրպէյճանական սահմանին: Այդ հատուածին վրայ հակառակորդը պարբերաբար կը խախտէ հրադադարը: Յուլիս 22ին եւ լոյս 23ի գիշերը, ղարաբաղեան-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի ամբողջ երկայնքով, ատրպէյճանական կողմը հրադադարը խախտած է շուրջ 130 անգամներ, որոնց ընթացքին տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, ինչպէս նաեւ ականանետերէ ու նռնականետերէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 1500 կրակոց: