­Նա­խան­ցեալ օր շփման գի­ծին վրայ ամ­բողջ օր տի­րած լա­րո­ւա­ծու­թե­նէն ետք, գի­շե­րը հա­մե­մա­տա­բար հան­գիստ ան­ցած է, «Ա­զա­տու­թիւն» ձայ­նաս­փիւ­ռի կա­յա­նին հա­ղոր­դեց Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի մամ­լոյ բան­բեր Սե­նոր Հաս­րա­թեան` ա­ւելց­նե­լով, որ պա­տաս­խան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րէն ետք հա­կա­ռա­կոր­դը լռած է:

Հաս­րա­թեան չի շտա­պեր հա­մե­մա­տե­լու սահ­մա­նի վրայ նա­խորդ տա­րի տի­րած Յու­լիս-Օ­գոս­տո­սի լա­րո­ւա­ծու­թիւ­նը վեր­ջին մէկ շաբ­թո­ւան ա­հագ­նա­ցած կրա­կոց­նե­րուն հետ` ընդգ­ծե­լով, որ նա­խորդ տա­րի զի­նա­դա­դա­րի դրու­թեան խախ­տում­նե­րը կ­՛ու­ղեկ­ցո­ւէին նաեւ հե­տա­խու­զա­կան գոր­ծո­ղու­թեամբ, սա­կայն «այս պա­հու դրու­թեամբ նման բան չկայ»:

«Ատր­պէյ­ճան ա­նընդ­հատ կը փոր­ձէ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան ցոյց տալ, որ պա­տե­րազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը դեռ չեն ա­ւար­տած, որ Ատր­պէյ­ճան մար­տա­դաշ­տին վրայ տա­կա­ւին ը­սե­լիք ու­նի»,- յայտ­նեց Սե­նոր Հաս­րա­թեան` ընդգ­ծե­լով, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կը «բո­լոր ոտնձ­գու­թիւն­նե­րուն պի­տի պա­տաս­խա­նէ ան­հա­մար­ժէք եւ շատ խիստ»: Ատր­պէյ­ճա­նա­կան զի­նու­ժը տար­բեր տրա­մա­չա­փի հրաձ­գա­յին զի­նա­տե­սակ­նե­րէն եւ նռնա­կա­նե­տե­րէն, Աս­կե­րա­նի եւ Մար­տու­նիի ուղ­ղու­թեամբ, կրակ բա­ցած էր:

Յու­լիս 22ի ա­ռա­ւօ­տեան հա­ղոր­դո­ւե­ցաւ, որ Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեան այ­ցե­լած է սահ­մա­նա­գօ­տիի հա­րաւ-արեւմտեան զօ­րա­մա­սե­րը` Նա­խի­ջե­ւա­նի ուղ­ղու­թեամբ:

Օ­հա­նեա­նի մամ­լոյ բան­բեր Արծ­րուն Յով­հան­նի­սեան «Ա­զա­տու­թիւն» ձայ­նաս­փիւ­ռի կա­յա­նին հետ զրոյ­ցի մը ըն­թաց­քին ը­սած է, որ վեր­ջին չորս օ­րե­րուն լա­րո­ւա­ծու­թիւն կը նկա­տո­ւի նաեւ Հա­յաս­տա­նի սահ­ման­նե­րուն վրայ, սա­կայն զի­նա­դա­դա­րի դրու­թեան խախ­տում­նե­րը Ղա­րա­բա­ղի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի զի­նեալ ու­ժե­րու շփման գի­ծին վրայ ա­ւե­լի շատ են:

«Ընդ­հա­նուր առ­մամբ, ամ­բողջ սահ­մա­նա­գօ­տիի եր­կայն­քին վեր­ջին օ­րե­րուն ո­րո­շա­կիօ­րէն բազ­մա­ցած են կրա­կոց­նե­րը, բայց ա­տի­կա հա­մե­մա­տել Ար­ցա­խի ե­րէ­կո­ւան հա­ղոր­դագ­րու­թեան հետ կա­րե­լի չէ»,- ընդգը­ծած է Արծ­րուն Յով­հան­նի­սեան: Ան ձեռն­պահ մնա­ցած է պա­տաս­խա­նե­լէ այն հար­ցու­մին, թէ ար­դեօ՞ք Սէյ­րան Օ­հա­նեա­նի այ­ցե­լու­թիւ­նը սահ­մա­նա­յին լարուա­ծու­թեա՞մբ պայ­մա­նա­ւորո­ւած էր:

Մի­ջազ­գա­յին եւ Անվ­տան­գու­թեան Հար­ցե­րու Հայ­կա­կան Հիմ­նար­կի նա­խա­գահ Ս­տե­փան Սա­ֆա­րեա­նի խօս­քով՝ զի­նա­դա­դա­րի դրու­թեան յա­ճա­խա­կի դար­ձած խախ­տում­նե­րը կա­պո­ւած են Ե.Ա.Հ.Կ.ի Մինս­քի Խմ­բա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու վեր­ջին յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն հետ, ըստ ո­րոնց, պէտք է վե­րա­կանգ­նել կա­նո­նա­ւոր բա­նակ­ցա­յին հո­լո­վոյ­թը եւ հաս­նիլ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Խն­դի­րի հա­մա­պար­փակ լուծ­ման: Սա­ֆա­րեա­նի կար­ծի­քով՝ սահ­մա­նին վրայ լա­րո­ւա­ծու­թիւն ստեղ­ծե­լով, Ատր­պէյ­ճան կը փոր­ձէ խա­փա­նել բա­նակ­ցա­յին հո­լո­վոյ­թը: «Եւ հասկ­ցէք, որ քա­նի մը հան­գա­մանք կայ, ո­րոնք Ատր­պէյ­ճա­նի սրտով չեն: Նախ` սե­ղա­նի վրայ դրո­ւած տար­բե­րակ­նե­րը: Ո­ւոր­լիք, երբ կը շօ­շա­փէ լուծ­ման այդ տար­բե­րա­կը եւ կը նշէ, որ բո­լոր ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը պէտք է քննար­կո­ւին հա­մա­լիր եւ հա­մա­պար­փակ, հասկ­նանք, որ ա­սի­կա բա­ցար­ձա­կա­պէս ըն­դու­նե­լի չէ Ատր­պէյ­ճա­նի հա­մար, ո­րուն ղե­կա­վա­րը ար­դէն բարձ­րա­ցու­ցած է ե՛ւ հա­սա­րա­կու­թեան, ե՛ւ իր ա­խոր­ժա­կը, հե­տե­ւա­բար չի կրնար թոյլ տալ, որ քննար­կում­նե­րը շա­րու­նա­կո­ւին այդ տար­բե­րակ­նե­րուն շուրջ»,- «Ա­զա­տու­թիւն» ձայ­նաս­փիւ­ռի կա­յա­նին հետ զրոյ­ցի մը ըն­թաց­քին ը­սած է Ս­տե­փան Սա­ֆա­րեան:

Յի­շեց­նենք, որ 20 Յու­լի­սին Ե.Ա.Հ.Կ.ի Մինս­քի Խմ­բա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը Ե­րե­ւան կը գտնո­ւէին: Ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ Ճէյմս Ո­ւոր­լիք յայ­տա­րա­րած էր, որ Ղա­րա­բա­ղեան Տագ­նա­պի հա­մա­պար­փակ լու­ծում կա­րե­լի չէ, ա­ռանց Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ժո­ղո­վուր­դի կամ­քի ա­զատ ար­տա­յայտ­ման` «իբ­րեւ այդ հա­մա­պար­փակ լու­ծու­մի մաս»:

Փոր­ձա­գէ­տին կար­ծի­քով՝ Ատր­պէյ­ճա­նը պար­զա­պէս շան­թա­ժի (սպառ­նա­լի­քի) կ­՛են­թար­կէ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը եւ նման քայ­լե­րով կը փոր­ձէ հաս­նիլ բա­նակ­ցա­յին հո­լո­վոյ­թի պայ­ման­նե­րու փո­փոխ­ման:

«Ա­լիեւ կը ցան­կայ իր այս անհ­նա­զան­դու­թեան քայ­լե­րով ուղ­ղա­կի պար­տադ­րել ա­նոնց, որ­պէս­զի ա­նոնք բա­ւա­րա­րեն իր քմա­հա­ճոյք­նե­րը` փո­խեն պայ­ման­նե­րը»,- շեշ­տած է Սա­ֆա­րեան:

Հա­կա­ռա­կոր­դը 123 արկ եւ խո­շոր տրա­մա­չա­փի գնդաց­րա­յին մի­ջոց­նե­րէ ա­ւե­լի քան 140 կրա­կոց ար­ձա­կած Է

Ատր­պէյ­ճա­նի զի­նո­ւած ու­ժե­րը 21 Յու­լի­սի ամ­բողջ օ­րո­ւան ըն­թաց­քին շա­րու­նա­կած են բուռն կեր­պով խախ­տել զի­նա­դա­դա­րը՝ ղա­րա­բա­ղեան-ատր­պէյ­ճա­նա­կան հա­կա­մարտ զօր­քե­րու շփման գի­ծի ամ­բողջ եր­կայն­քով: Ինչ­պէս կը տե­ղե­կաց­նէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան մամ­լոյ ծա­ռա­յու­թիւ­նը, պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի տո­ւեալ­նե­րուն հա­մա­ձայն, նշո­ւած ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւա­ծին հա­կա­ռա­կոր­դին կող­մէ զի­նա­դա­դա­րը խախ­տո­ւած է մօտ 160 ան­գամ, ո­րուն ըն­թաց­քին տար­բեր տրա­մա­չա­փի հրաձ­գա­յին եւ հրե­տա­նա­յին զի­նա­տե­սակ­նե­րէ հայ դիր­քա­պահ­նե­րուն ուղ­ղու­թեամբ ար­ձա­կո­ւած են ա­ւե­լի քան 1600 կրա­կոց­ներ, ո­րոնց մէջ` 60 մի­լի­մեթր­նոց ա­կա­նա­նե­տե­րէ 123 արկ, «ՌՊԳ-7» տի­պի նռնա­կա­նե­տե­րէ 3 արկ եւ խո­շոր տրա­մա­չա­փի գնդաց­րա­յին մի­ջոց­նե­րէ ա­ւե­լի քան 140 կրա­կոց:

Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի յա­ռա­ջա­պահ զօ­րա­մա­սե­րը դի­մած են պա­տաս­խան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու, ո­րոնց շնոր­հիւ հա­կա­ռա­կոր­դի նա­խա­յար­ձակ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը լռե­ցու­ցած են:

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը կը յայ­տա­րա­րէ, որ Ար­ցա­խի բա­նա­կը կը տի­րա­պե­տէ ի­րադ­րու­թեան եւ, ի­րա­վի­ճա­կի ո­րե­ւէ զար­գաց­ման պա­րա­գա­յին, պատ­րաստ է ան­հա­մա­չափ ու պատ­ժիչ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու:

Սէյ­րան Օ­հա­նեան այ­ցե­լած է հա­րաւ-ա­րեւմ­տեան սահ­ման

21-22 Յու­լի­սին, Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեան այ­ցե­լած է հա­րաւ-ա­րեւմ­տեան սահ­մա­նա­գօ­տիի զօ­րա­մա­սեր:

Օ­հա­նեան նախ այ­ցե­լած է սահ­մա­նա­յին ա­ռա­ջին գի­ծի տար­բեր դիր­քեր, տեղ­ւոյն վրայ ծա­նօ­թա­ցած է ի­րա­վի­ճա­կին, դիր­քե­րուն մէջ տե­ղի ու­նե­ցող մար­տա­վա­րա­կան եւ ծա­ռա­յո­ղա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն:

Նա­խա­րա­րը, ի­րեն ու­ղեկ­ցող բարձ­րաս­տի­ճան հրա­մա­նա­տար­նե­րուն հետ, քննար­կած է զի­նո­ւո­րա­կան ծա­ռա­յու­թեան եւ կազ­մա­կերպ­չա­կան հար­ցեր, լսած է ա­նոնց զե­կու­ցում­նե­րը, տո­ւած է հա­մա­պա­տաս­խան հրա­հանգ­ներ:

Ար­ցախ կը հեր­քէ «ատր­պէյ­ճա­նա­կան քա­րոզ­չու­թեան» տա­րա­ծած տե­ղե­կու­թիւ­նը

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը հա­ղոր­դագ­րու­թեամբ մը հեր­քեց «ատր­պէյ­ճա­նա­կան քա­րոզ­չու­թեան կող­մէ տա­րա­ծո­ւած տե­ղե­կու­թիւ­նը», թէ ռազ­մա­փոր­ձի ըն­թաց­քին հա­կահ­րա­սայ­լա­յին ա­կա­նի վրայ պայ­թած է Լ.Ղ.Հ. պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի եր­կու հրա­սայլ:

«­Տա­րա­ծո­ւած տե­ղե­կու­թիւ­նը ըն­դու­նե­ցէք իբ­րեւ ատր­պէյ­ճա­նա­կան քա­րոզ­չու­թեան ե­րե­ւա­կա­յու­թեան ար­դիւնք»,- նշո­ւած է Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ: