Լիբանանահայ արուեստագէտ եւ հաւաքորդ Յարութիւն Թորոսեան Արցախի պետական պատմաերկրագիտական թանգարանին նուիրեց հայկական դրամներու իր հաւաքածոն, ինչպէս նաեւ՝ Տիգրան Մեծի մատանիի ագաթէ քարը՝ արքայի դիմաքանդակով: Հաւաքածոն, որ բաղկացած է հին մետաղադրամներու եւ թղթադրամներու 168 նմուշներէ, կ’ընդգրկէ հազուագիւտ դրամներ, մասնաւորապէս Տիգրան Մեծի, Արտաւազդ Երկրորդի եւ Կիլիկեան թագաւորութեան ժամանակաշրջաններու: Հաւաքածոյի յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը ու ցուցահանդէսի բացումը տեղի ունեցան 2015թ. Յուլիս 18ին: Միջոցառման մասնակցեցան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, ինչպէս նաեւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ: Յարութիւն Թորոսեան ծնած է 1933թ. Պէյրութի մէջ: Յաճախած է Փարիզի Ազգային Բարձրագոյն Գեղարուեստի Դպրոցը, այնուհետեւ` Ժիւլենի Ակադեմիան: Կը ստեղծագործէ գեղանկարչութեան եւ քանդակագործութեան ժանրեր, անոր աշխատանքները տեղ գտած են Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ: Արցախի պետական թանգարանը համալրուեցաւ հին դրամներու բացառիկ հաւաքածոյով
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Լիբանանահայ արուեստագէտ եւ հաւաքորդ Յարութիւն Թորոսեան Արցախի պետական պատմաերկրագիտական թանգարանին նուիրեց հայկական դրամներու իր հաւաքածոն, ինչպէս նաեւ՝ Տիգրան Մեծի մատանիի ագաթէ քարը՝ արքայի դիմաքանդակով: Հաւաքածոն, որ բաղկացած է հին մետաղադրամներու եւ թղթադրամներու 168 նմուշներէ, կ’ընդգրկէ հազուագիւտ դրամներ, մասնաւորապէս Տիգրան Մեծի, Արտաւազդ Երկրորդի եւ Կիլիկեան թագաւորութեան ժամանակաշրջաններու: Հաւաքածոյի յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը ու ցուցահանդէսի բացումը տեղի ունեցան 2015թ. Յուլիս 18ին: Միջոցառման մասնակցեցան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, ինչպէս նաեւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ: Յարութիւն Թորոսեան ծնած է 1933թ. Պէյրութի մէջ: Յաճախած է Փարիզի Ազգային Բարձրագոյն Գեղարուեստի Դպրոցը, այնուհետեւ` Ժիւլենի Ակադեմիան: Կը ստեղծագործէ գեղանկարչութեան եւ քանդակագործութեան ժանրեր, անոր աշխատանքները տեղ գտած են Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ: