Եւ­րո­պա­կան Խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Տո­նալտ Թուս­քի հետ ընդ­դի­մա­դիր­նե­րու հան­դիպ­ման հիմ­նա­կան նիւ­թը սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րը դար­ձան:

Խորհր­դա­րա­նի ընդ­դի­մա­դիր չորս խմբակ­ցու­թիւն­նե­րու` Բար­գա­ւաճ Հա­յաս­տա­նի, Հայ Ազ­գա­յին Քոնկ­րե­սի, Ժա­ռան­գու­թեան եւ Օ­րի­նաց եր­կի­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ըստ Ժա­ռան­գու­թիւն կու­սակ­ցու­թեան փոխ-նա­խա­գահ Ար­մէն Մար­տի­րո­սեա­նի, դէմ ար­տա­յայ­տո­ւած են փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն, Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը` կողմ:

Տե­սակ­ցու­թեան մաս­նակ­ցած Դաշ­նակ­ցու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Լի­լիթ Գա­լըս­տեան ը­սաւ.- «Ար­մէն Ռուս­տա­մեան ար­տա­յայ­տեց մեր տե­սա­կէտ­նե­րը հա­րիւր տո­կո­սա­նոց հա­մա­մաս­նա­կան ընտ­րա­կար­գի եւ խորհր­դա­րա­նա­կան կա­ռա­վար­ման բնօ­րի­նա­կին շուրջ: Իսկ բաց պաշտ­պա­նու­թեան մա­սին խօ­սի­լը տա­կա­ւին կա­նուխ է, ո­րով­հե­տեւ մենք գործ ու­նինք հա­յե­ցա­կար­գա­յին փաս­տա­թուղ­թի մը հետ, որ բիւ­րե­ղաց­ման եր­կար ու­ղի պի­տի անց­նի»: