Հայաստան այցելած Մինսքի Խումբի ամերիկացի, ռուս եւ ֆրանսացի համանախագահները տեսակցութիւններ ունեցած էին հանրապետութեան նախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարին հետ:
Հ.Հ. նախագահութեան մամլոյ ծառայութիւնը խուսափած է ընդարձակ բացատրութիւններ տալէ, այլ՝ գոհացած է ըսելով, թէ խօսակիցները անդրադարձած են հակամարտութեան ներկայ փու
լին մտահոգութիւն պատճառող հարցերուն:
Իսկ արտաքին գործոց մամլոյ ծառայութիւնը յայտնած է, թէ բանագնացները նախարարին ներկայացուցած են Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի մէջ իրենց ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները, ինչպէս նաեւ մինչեւ տարեվերջ իրենց նախատեսած ծրագիրները: Էդ. Նալբանդեան համանախագահներուն ուշադրութիւնը հրաւիրած է Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի խախտումներուն վրայ, որոնք հետզհետէ սաստկացած են Պաքուի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպական Խաղերու աւարտէն ի վեր: Նալբանդեան աւելցուցած է, թէ Պաքուի այս ոչ-շինիչ կեցուածքը կը սպառնայ բանակցութիւնները վերսկսելու գծով համանախագահներու գործադրած ջանքերուն:
Միւս կողմէ, ամերիկացի համանախագահ Ուորլիքի «գրաւեալ հողատարածքները» վերադարձնելու յայտարարութիւններէն ետք, այս անգամ ալ «Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան կամքին ազատ արտայայտութեան իրաւունք»ին մասին կատարած յայտարարութիւնը ուշադրութիւն գրաւած է: Ան աւելցուցած է, թէ առանց Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը ճշդելու՝ անկարելի կ՚ըլլայ ամբողջական լուծումի յանգիլ: Երբ իրեն յղուած է «գրաւեալ հողատարածքները» վերադարձնելու մասին հարցում մը, Ուորլիք պատասխանած է, թէ այդ կէտը Մատրիտեան Սկզբունքներէն մէկն էր եւ մաս կը կազմէր ամբողջական լուծումի ծրարին: Ըստ ամերիկացի դիւանագէտին «Հայաստան պիտի չընդունի վերադարձնել հողատարածքներ, այնքան ատեն որ ապահովութեան գոհացուցիչ երաշխիքներ պիտի չստանայ Ազէրպայճանէն»: Ըստ Ուորլիքի՝ այդ երաշխիքներուն մաս կրնայ կազմել խաղաղապահ ուժերու հաստատումը հակամարտութեան գօտիին մէջ:
Նշենք, որ Երեւան այցելութեան ընթացքին, ֆրանսացի համանախագահ Փիէր Անտրիէօ ֆրանսական դեսպանատան մէջ հանդիպում մը ունեցած է արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեանի հետ: