Յու­լիս 21ին, նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նին իր հա­ւա­տար­մա­գիր­նե­րը յանձ­նած է Հա­յաս­տա­նի մօտ Գեր­մա­նիոյ նո­րան­շա­նակ՝ ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր դես­պան Մա­թիաս Քիս­լեր:

Նա­խա­գա­հը շնոր­հա­ւո­րած է դես­պան Քիս­լե­րը եւ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թած ա­նոր` Հա­յաս­տա­նի մէջ դի­ւա­նա­գի­տա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւն ի­րա­կա­նաց­նե­լու գոր­ծին մէջ, ընդգ­ծե­լով, որ ա­նոր հա­մար գո­յու­թիւն ու­նի ա­մուր հիմք եւ ստեղ­ծո­ւած են լաւ նա­խադ­րեալ­ներ:

Ինչ­պէս կը յայտ­նէ նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նա­կան կայ­քը, զրու­ցա­կից­նե­րը հա­մա­կար­ծիք ե­ղած են, որ Հա­յաս­տան եւ Գեր­մա­նիա ու­նին կա­յուն քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թիւն, աշ­խու­ժօ­րէն կը զար­գա­նան միջ-խորհր­դա­րա­նա­կան կա­պե­րը, կայ ա­ռեւտ­րա­կան եւ տնտե­սա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը խո­րաց­նե­լու զգա­լի նե­րուժ, ո­րուն ուղ­ղու­թեամբ անհ­րա­ժեշտ է երկ­կող­մա­նի ջան­քեր ներդ­նել` նկա­տի առ­նե­լով նաեւ, որ Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան եր­կիր­նե­րէն Գեր­մա­նիան ապ­րանք­նե­րու շրջա­նա­ռու­թեան ծա­ւալ­նե­րով, Հա­յաս­տա­նի ա­ռաջ­նա­յին ա­ռեւտ­րա­կան գոր­ծըն­կեր­նե­րէն մէկն է:

Նա­խա­գահ Սարգ­սեան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նած է Գեր­մա­նիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ Հա­յաս­տա­նի զար­գաց­ման ուղ­ղո­ւած շա­րու­նա­կա­կան ա­ջակ­ցու­թեան հա­մար:

Հան­դի­պու­մի ըն­թաց­քին քա­ղա­քա­կան եւ տնտե­սա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րէն բա­ցի, եր­կուս­տեք կա­րե­ւոր նկա­տո­ւած է նաեւ մշա­կու­թա­յին, գի­տակր­թա­կան, զի­նո­ւո­րա­կան եւ շարք մը այլ մար­զե­րու մէջ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը:

Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հը նաեւ բարձր գնա­հա­տած է Գեր­մա­նիոյ նա­խա­գահ Եոա­քիմ Կաու­քի 23 Ապ­րի­լի յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման վե­րա­բե­րեալ՝ ան­գամ մը եւս ընդգ­ծե­լով, որ ա­տի­կա զօ­րա­ւոր պե­տու­թեան մը զօ­րա­ւոր ղե­կա­վա­րի հա­մո­զո­ւած ե­լոյթ էր: