­Յու­լիս 20ին, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծի­նի Գէոր­գեան Հո­գե­ւոր Ճե­մա­րա­նի հան­դի­սու­թիւն­նե­րու դահ­լի­ճին մէջ, օրհ­նու­թեամբ Գա­րե­գին Բ. Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սի, տե­ղի ու­նե­ցաւ 2014-2015 ի ու­սում­նա­կան տա­րո­ւան հան­դի­սա­ւոր փա­կու­մը: Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ Մայր Ա­թո­ռի տե­ղե­կա­տո­ւա­կան գրա­սե­նեա­կը:

Միաս­նա­կան Տէ­րու­նա­կան ա­ղօթ­քէն, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան եւ Ճե­մա­րա­նի օրհ­ներ­գե­րէն յե­տոյ, 2014-2015 թթ. ու­սում­նա­կան տա­րին ամ­փո­փո­ւե­ցաւ Մայր Ա­թո­ռի հո­գե­ւոր-կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու վե­րա­տե­սուչ, Գէոր­գեան Ճե­մա­րա­նի տե­սուչ Գէորգ Ե­պիս­կո­պոս Սա­րո­յեա­նի կող­մէ: Իր խօս­քին մէջ Գէորգ Սր­բա­զան անդ­րա­դար­ձաւ անց­նող տա­րո­ւան ըն­թաց­քին Ճե­մա­րա­նի մշա­կու­թա­յին եւ քա­րոզ­չա­կան, սո­ցիա­լա­կան, գի­տա-մա­նա­կա­վար­ժա­կան գոր­ծու­նէու­թեան, տար­բեր հո­գե­ւոր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու եւ Ճե­մա­րա­նի, ինչ­պէս նաեւ միջ­-հա­մալ­սա­րա­նա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան, գրահ­րա­տա­րակ­չա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րուն եւ «­Սերմ­նա­ցան»  մա­տե­նա­շա­րի ար­ձա­նագ­րած յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րուն:

Ճե­մա­րա­նին նկատ­մամբ հայ­րա­կան հո­գա­ծու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լու հա­մար շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սին` ան ը­սաւ.- «Այս լոյ­սի ներ­քոյ Գէոր­գեան Հո­գե­ւոր Ճե­մա­րա­նը հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ պէտք է լի­նի նաեւ այն ան­մա­տոյց ամ­րոցն ու լու­սա­ւոր փա­րո­սը, որ ա­նա­ղարտ կը պա­հի հա­յա­գի­տու­թեան դա­րա­ւոր ա­ւանդ­նե­րը եւ մշտա­վառ լու­սա­ւոր­չեան կան­թե­ղը»:

Այ­նու­հե­տեւ աս­մուն­քով հան­դէս ե­կան Գէոր­գեան Հո­գե­ւոր Ճե­մա­րա­նի ա­ռան­ձին սա­ներ, իսկ երգ­չա­խում­բը` ղե­կա­վա­րու­թեամբ Հ.Հ. ա­րո­ւես­տի վաս­տա­կա­ւոր գոր­ծիչ Ռու­բէն Ա­սատ­րեա­նի, կա­տա­րեց հո­գե­ւոր եւ ազ­գա­յին եր­գեր: Ցե­րե­կոյ­թը եզ­րա­փա­կո­ւեցաւ ­Տա­թեւ Ար­քե­պիս­կո­պոս Սար­գի­սեա­նի խօս­քով: Սր­բա­զա­նը, ներ­կա­նե­րուն փո­խան­ցե­լով Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թիւ­նը, գնա­հա­տանք յայտ­նեց Ճե­մա­րա­նի տես­չա­կան եւ դա­սա­խօ­սա­կան անձ­նա­կազ­մի հո­գե­ւոր եւ աշ­խար­հիկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն անց­նող տա­րո­ւան ներդ­րած ջան­քե­րուն եւ կա­տա­րած աշ­խա­տանք­նե­րուն հա­մար:

Դի­մե­լով Ճե­մա­րա­նի 26 շրջա­նա­ւարտ սար­կա­ւագ­նե­րուն` Տա­թեւ Ար­քե­պիս­կո­պոս անդ­րա­դար­ձաւ նուի­րեալ հո­գե­ւո­րա­կա­նի կեր­պա­րին եւ մաղ­թեց, որ ի­րենց ա­ռա­քե­լու­թեան ըն­թաց­քին Աս­տու­ծոյ կող­մէ տրո­ւած շնորհ­նե­րը ծա­ռա­յա­սի­րու­թեան ո­գիով ա­ռա­տօ­րէն բաշ­խեն մար­դոց: 

Հան­դի­սու­թիւ­նը փա­կո­ւե­ցաւ «­Պահ­պա­նիչ» ա­ղօթ­քով եւ Հայ­րա­պե­տա­կան մաղ­թեր­գով: