Երկուշաբթի՝ 20 Յուլիսին, Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեան Երեւանի մէջ, Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թասքի հետ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ, ըսած է, որ Հայաստան պիտի շարունակէ սերտօրէն համագործակցիլ Եւրոպական Միութեան (Ե.Մ.) հետ: Հ.Հ. նախագահը նշած է, որ Տոնալտ Թասքի
հետ այսօր կայացած քննարկումներու ընթացքին արձանագրուած է, որ «Հ.Հ.-Ե.Մ. յարաբերութիւները կը զարգանան աշխոյժ կերպով»:
«Անդրադառնալով Մայիսին կայացած Արեւելեան Գործընկերութեան չորրորդ գագաթնաժողովի արդիւնքներին, մենք նշեցինք, որ Ռիկայում ամրագրուեց տարբերակուած մօտեցմամբ Եւրամիութեան եւ գործընկեր երկրների միջեւ փոխ-շահաւէտ համագործակցութիւն ծաւալելու յանձնառութիւնը: Լիայոյս եմ, որ առաջիկայում կը մեկնարկեն Հ.Հ.-Ե.Մ. նոր իրաւական փաստաթղթի շուրջ բանակցութիւնները, որոնց յաջող աւարտը նոր էջ կը բացի յարաբերութիւններում»,- ըսած է Հայաստանի նախագահը:
Սերժ Սարգսեան շեշտած է, որ չի պատկերացներ Հայաստանի զարգացումը առանց բարեփոխումներու եւ չի պատկերացներ բարեփոխումները` առանց եւրոպական փորձի ու օգնութեան: Նախագահը, անդրադառնալով Լ.Ղ. կարգաւորման գործընթացին, նշած է, որ Ռիկայի մէջ Մայիսի 21-22ին տեղի ունեցած «Արեւելեան Գործընկերութեան» գագաթնաժողովի մասնակիցները վերահաստատած են - Ե.Մ.ի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ - իրենց լիակատար աջակցութիւնը Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսկի Խումբի համանախագահներու միջնորդական ջանքերուն եւ 2009էն ի վեր այդ պետութիւններու ղեկավարներու մակարդակով կատարուած յայտարարութիւններուն, ինչ որ եւս մէկ անգամ կը վկայէ լուծումը այլ հարթակներ տեղափոխելու ջանքերու անհեռանկար ըլլալուն մասին:
«Որքան էլ Ատրպէյճանը փորձի խեղաթիւրել այդ հիմնախնդրի էութիւնը, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդի ազատ կամարտայայտութեամբ իր ապագան որոշելու իրաւունքը վաղուց արդէն չի վիճարկւում, աւելին` այն ամրագրուած է Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսկի Խմբի համանախագահողների յայտարարութիւններում: Այդ գաղափարի համատեքստում մենք պատրաստ ենք առաջ ընթանալու ողջամիտ փոխզիջումների ճանապարհով»,- ընդգծած է Սերժ Սարգսեան:
«Լեռնային Ղարաբաղի Հակամարտութեան հետ կապուած վերջին բացասական միտումները մտահոգութեան տեղիք են տալիս: Այս հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը նախկինի պէս առաջնահերթութիւն է մնում Եւրոպական Միութեան համար»,- Հ.Հ. նախագահական նստավայրին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թասք:
Անոր խօսքով, Եւրոպական Միութիւնը կը սատարէ բանակցութիւններուն, որոնք ուղղուած են հակամարտութեան կարգաւորման եւ կ՛իրականացուին Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսկի Խումբի առաջնորդութեամբ.- «Մենք կը սատարենք հետագայ երկխօսութեան՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, մասնաւորապէս ամենաբարձր մակարդակով»:
«Շատ կարեւոր է յարգել հրադադարի համաձայնութիւնը, զսպուածութիւն դրսեւորել գործողութիւններուն եւ յայտարարութիւններուն մէջ, ստեղծել մթնոլորտ, որ նպաստաւոր պիտի ըլլայ հակամարատութեան կարգաւորման յառաջընթացին համար»,- ըսած է Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թասք:
Եւրոպական Խորհուրդի նախագահը այցելեց Ծիծեռնակաբերդ
Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թասք այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր, ծաղիկ դրաւ զոհերու յիշատակին, ապա այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ: Ռոնալտ Թասքին կ՛ուղեկցէր Հ.Հ. արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան: Տոնալտ Թասք Հայաստանէն պիտի մեկնի Վրաստան, իսկ Յուլիս 22ին պիտի ըլլայ Ատրպէյճան: