Յու­լիս 13ին, ֆրան­սա­հայ բե­մա­դիր Ռո­պէր Կէ­տի­կեա­նի «­Խենթ պատ­մու­թիւն» ժա­պա­ւէ­նի ցու­ցադ­րու­թեամբ սկսած «Ոս­կէ Ծի­րան» շար­ժան­կա­րի մի­ջազ­գա­յին 12րդ փա­ռա­տօ­նը, Յու­լիս 18ին «­Մոս­կո­ւա» շար­ժան­կա­րի սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած փակ­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեամբ եւ մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեամբ

վերջ գտած է: Մր­ցա­նակ­նե­ր շ­նոր­հո­ւած են ըստ փա­ռա­տօ­նի ա­ւան­դա­կան չորս՝ «մի­ջազ­գա­յին խա­ղար­կա­յին», «մի­ջազ­գա­յին վա­ւե­րագ­րա­կան», «հայ­կա­կան հա­մայ­նա­պատ­կեր» եւ «­Կո­րիզ» ա­նո­ւա­նա­կար­գե­րուն: Ա­սոնց­մէ զատ, շնոր­հո­ւած են նաեւ «Հ­րանտ Մա­թե­ւո­սեան» եւ այս տա­րի սահ­մա­նո­ւած՝ «­Հան­դի­սա­տե­սի հա­մակ­րանք» յա­տուկ մրցա­նակ­նե­րը:

Այս տա­րո­ւան մրցա­նա­կա­կիր­ներն են`
«­Լա­ւա­գոյն խա­ղար­կա­­յին ֆիլմ».-Ոս­կէ Ծի­րան - «Օ­ձի գրկում», բե­մա­դիր` Չի­ռօ Կե­ռա, Գո­լոմ­պիա
«­Լա­ւա­գոյն վա­ւերգ­րա­կան ժա­պա­ւէն».- Ոս­կէ Ծի­րան - «Ի­մաս­տի ստեղ­ծու­մը», բե­մա­դիր` Սի­մո­նէ Ռա­պի­սար­դա Գա­զա­նո­վա, Գա­նա­տա/Ի­տա­լիա
«­Հայ­կա­կան հա­մայ­նա­պատ­կեր».- Ոս­կէ Ծի­րան - «­Մէկ, եր­կու, ե­րեք», բե­մա­դիր` Ար­ման Ե­րի­ցեան, Հա­յաս­տան
«­Լա­ւա­գոյն կարճ ժա­պա­ւէն».- Ոս­կէ Ծի­րան - «Ա­մէն ինչ լաւ կը լի­նի», բե­մա­դիր` Փաթ­րիք Ֆոլ­ռաթ, Գեր­մա­նիա
«Է­քիւ­մէ­նիք» դա­տա­կազ­մի մրցա­նակ.- «“­Մոսկ­վիչ”, իմ սէր», բե­մա­դիր` Ա­րամ Շահ­բա­զեան, Հա­յաս­տան
«FIPRESCI» դա­տա­կազ­մի մրցա­նակ.- «“­Մոսկ­վիչ”, իմ սէր», բե­մա­դիր` Ա­րամ Շահ­բա­զեան, Հա­յաս­տան
«Հ­րանտ Մա­թե­ւո­սեան» մրցա­նակ.- «­Ճա­նա­պարհ», բե­մա­դիր` Գա­գիկ Մա­դո­յեան, Հա­յաս­տան
«­Հան­դի­սա­տե­սի հա­մակ­րանք».- «Սր­բա­րան», Մարք Պ­րու­մունտ, Գեր­մա­նիա: