Ա­մե­րի­կեան The Daily Beast պար­բե­րա­կանն ու­շագ­րաւ անդ­րա­դար­ձած է ­Լեռ­նա­յին ­­Ղա­րա­բա­ղին` պատ­մե­լով պա­տե­րազ­մա­կան ի­րա­վի­ճա­կին մէջ ծաղ­կող ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ու սահ­մա­նա­յին լա­րո­ւած ի­րա­վի­ճա­կի մա­սին,- կը գրէ Tert.am:

«­­Մայ­րա­մու­տի վար­դա­գոյն շո­ղե­րը կ­­՛իջ­նեն խա­ղաղ Ս­տե­փա­նա­կեր­տի վրայ, որ ժա­մա­նա­կին անխ­նայ ռմբա­կո­ծո­ւած ու ա­ւե­րո­ւած է հայ-ատր­պէյ­ճա­նա­կան պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին: ­­Թէեւ սահ­մա­նա­գի­ծին վրայ կրա­կոց­նե­րը դեռ կը հնչեն, այ­նու­հան­դերձ ինք­նահռ­չակ հան­րա­պե­տու­թեան մայ­րա­քա­ղա­քը շատ խա­ղաղ է:

«Ս­տե­փա­նա­կեր­տի մէջ տի­րող հան­դար­տու­թիւ­նը նման է գե­րի­րա­պաշ­տա­կան (surrealistic) պատ­կե­րի` հա­շո­ւի առ­նե­լով ­­Ղա­րա­բա­ղի պա­տե­րազ­մա­կան ան­ցեալն ու ռազ­մա­կա­նա­ցո­ւած ներ­կան:

«­­Կով­կա­սի կա­նա­չա­պատ լեռ­նե­րուն մէջ ծո­ւա­րած ­­Ղա­րա­բա­ղը Ա­րեւ­մուտ­քի մէջ բնա­կող հայ­կա­կան սփիւռ­քի ջան­քե­րով կանգ­նած է ծաղ­կուն ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ճա­նա­պար­հին: ­­Թէեւ ա­նի­կա կը նա­խընտ­րէ կրա­ւո­րա­կան դի­տոր­դի դեր ստանձ­նել բարդ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան զար­գա­ցում­նե­րու հար­ցով, այ­նու­հան­դերձ Լ.Ղ. իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կը գի­տակ­ցին, որ ո­րե­ւէ քա­ղա­քա­կան ան­կա­յու­նու­թիւն ու­նակ է «արթ­նաց­նե­լու» Ատր­պէյ­ճա­նի հետ` շա­տոնց ար­դէն չննջող պա­տե­րազ­մը: ­­Սա­կայն տե­ղա­ցի­նե­րը ա­ւե­րիչ պա­տե­րազ­մի կրկնու­թիւ­նը չեն ցան­կա­նար:

«Ուս­տի, վտանգ­նե­րով լի յե­ղա­փո­խու­թիւն­նե­րէ խու­սա­փե­լու հա­մար, Ս­տե­փա­նա­կեր­տ կ­­՛անց­ընէ ար­դար եւ թա­փան­ցիկ ընտ­րու­թիւն­ներ: ­­Փաս­տա­ցի, Ս­տե­փա­նա­կեր­տը կ­­՛ա­պա­ցու­ցէ, որ կրնայ յա­ջող պայ­քար մղել նաեւ յետ­խորհր­դա­յին բո­լոր եր­կիր­նե­րուն յա­տուկ կա­շա­ռա­կե­րու­թեան ու կազ­մա­կեր­պո­ւած յան­ցա­ւո­րու­թեան դէմ»,- կը գրէ յօ­դո­ւա­ծա­գիր Ան­նա ­­Նեմ­ցո­վա:

­­Հե­ղի­նա­կը կը նկա­տէ, որ ի տար­բե­րու­թիւն ­­Հա­յաս­տա­նի, ուր կա­շա­ռա­կե­րու­թիւ­նը շատ խոր ար­մատ­ներ ու­նի, Լ.Ղ.ի մէջ գոր­ծա­րար­ներն ու ձեռ­նար­կա­տէ­րե­րը գործ­նա­կան ա­ռու­մով  ի­րենց ա­ւե­լի ա­պա­հով կը զգան:

«Ես փա­խայ Ե­րե­ւա­նէն եւ գոր­ծա­րա­րու­թիւն հիմ­նե­ցի Ս­տե­փա­նա­կեր­տի մէջ, ուր կա­շա­ռա­կե­րո­ւթիւ­նը կը բա­ցա­կա­յի եւ ոչ ոք կրնայ ին­ծի ստի­պել կա­շառք վճա­րելու­­»,- կը մէջ­բե­րէ ­­Նեմ­ցո­վա Ս­տե­փա­նա­կեր­տի մէջ գոր­ծող Florence Garden ճա­շա­րա­նի տի­րոջ` Դ­րօ ­­Կա­րա­պե­տեա­նի խօս­քե­րը:

­«­Հա­ճե­լիօ­րէն զար­մաց­նող ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ու կա­շա­ռա­կե­րու­թեան բա­ցա­կա­յու­թեան թե­մա­նե­րէն սա­հուն ան­ցում կա­տա­րե­լով Լ.Ղ. հա­կա­մար­տու­թեան ու սահ­մա­նա­յին գօ­տիի լա­րո­ւած ի­րա­վի­ճա­կին` յօ­դո­ւա­ծա­գի­րը կը նշէ, որ թէեւ զի­նա­դա­դա­րէն 2 տաս­նա­մեակ ան­ցած է, այ­նու­հան­դերձ սահ­մա­նին  յա­ճա­խա­կի զո­հեր կ­­՛ըլ­լան: «­­Միակ բա­նը, որ Լ.Ղ.  բնա­կիչ­նե­րը չեն հասկ­նար, ա­նի­կա է, թէ ին­չո՞ւ ի­րենց ըն­կեր ­­Ռու­սիան ահ­ռե­լի խմբա­քա­նա­կով զէնք կը վա­ճա­ռէ Ատր­պէյ­ճա­նին: Ինք­նահռ­չակ պե­տու­թեան ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­­Կա­րէն ­­Միր­զո­յեա­նի խօս­քե­րով, ի­րենք այդ­քան ալ մեծ օգ­նու­թիւն չեն ստա­նար ­­Ռու­սիա­յէն: «­Մեզ ա­ւե­լի շատ ԱՄՆն կ­­՛օգ­նէ»,- պաշ­տօ­նեա­յի խօս­քե­րով կ­­՛եզ­րա­փա­կէ հե­ղի­նա­կը»: