Երկար սպասուած այս պայմանաւորուածութիւնը կարեւոր ձեռքբերում է` ի նպաստ միջազգային, տարածաշրջանային կայունութեան եւ համագործակցութեան ամրապնդման»: Նալբանդեան յոյս է յայտնած է, որ ատիկա «յաւելեալ խթան կը հանդիսանայ` Հայաստանի եւ բարեկամ Իրանի միջեւ առեւտրատնտեսական համագործակցութեան ընդլայնման, համատեղ ծրագրերի իրականացման համար»:
Նշենք, որ Յուլիս 14ին, Իրան եւ միջազգային միջնորդներու Վեցեակի երկիրները (Ա.Մ.Ն., Ֆրանսա, Մեծն Բրիտանիա, Գերմանիա, Չինաստան եւ Ռուսաստան) համաձայնութեան յանգած էին իրանական հիւլէական ծրագրին շուրջ:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամատ Ճաւատ Զարիֆ համաձայնութիւնը որակած է «պատմական»: Ան ըսած է, որ գործարքը «կատարեալ է ոչ ոքի համար, սակայն՝ լաւագոյն ձեռքբերումն է, որուն կարելի էր յանգիլ»: