­Դէ­պի Հա­յաս­տան չո­ւերթ­նե­րը պէտք է տե­ղա­փո­խել ա­ւե­լի յար­մար ժա­մե­րու: Այս մա­սին Յու­լիս 16ին կա­յա­ցած Հ.Հ. կա­ռա­վա­րու­թեան նիս­տին յայ­տա­րա­րած է վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան: Ա­նոր խօս­քով` դէ­պի Հա­յաս­տան շատ մի­ջազ­գա­յին չո­ւերթ­ներ կ­՛ի­րա­կա­նա­ցուին գի­շե­րը, ինչ որ ան­յար­մա­րու­թիւն­ներ կը ստեղ­ծէ ժա­մա­նող­նե­րուն, ո­րոնց շար­քին` զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րուն հա­մար: «Բ­նա­կա­նա­բար շատ ան­յար­մա­րու­թիւն­ներ են ա­ռա­ջա­նում: Օ­րի­նակ` զբօ­սաշր­ջի­կը չգի­տի, թէ ի՞նչ ա­նի, ինչ­պէ՞ս անց­կաց­նի ժա­մա­նա­կը, որ­պէս­զի հիւ­րա­նո­ցում ա­ւե­լորդ օր չամ­րագ­րի: Շատ ու­րիշ հար­ցեր էլ կան: Այդ պատ­ճա­ռով ա­ռա­ջար­կում եմ Տն­տե­սա­կան Մր­ցակ­ցու­թեան Պե­տա­կան Յանձ­նա­ժո­ղո­վին, Է­կո­նո­մի­կա­յի (տնտե­սու­թեան) նա­խա­րա­րու­թեա­նը եւ Քա­ղա­ւիա­ցիա­յի (քա­ղա­քա­յին օ­դա­նա­ւո­րու­թեան) գլխա­ւոր վար­չու­թեա­նը ման­րա­մասն ու­սում­նա­սի­րել ու­ղե­ւո­րա­տար ա­ւիա(օ­դա­նա­ւա­յին)փո­խադ­րում­նե­րի շու­կան` գնե­րով, ուղ­ղու­թիւն­նե­րով եւ պայ­ման­նե­րով: Պէտք է բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րել ա­ւիաըն­կե­րու­թիւն­նե­րի հետ ժա­մա­նում­նե­րը գի­շե­րո­ւայ ժա­մե­րից ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մե­րի տե­ղա­փո­խե­լու հա­մար»,- ը­սած է վար­չա­պե­տը եւ յանձ­նա­րա­րած, որ այս ուղ­ղու­թեամբ քննու­թիւն կա­տա­րո­ւի եւ ա­ռա­ջարկ­ներ ներ­կա­յա­ցո­ւին: