­Հա­մա­հայ­կա­կան Խա­ղե­րու Հա­մաշ­խար­հա­յին Կո­մի­տէի պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը, Հ.Խ.Հ.Կ. նա­խա­գահ Իշ­խան Զա­քա­րեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ, Յու­լիս 8-13 գտնո­ւած է Ա­րեւմ­տեան Հա­յաս­տան:

«­Բա­րով ե­կած էք ձեր տու­նը, բա­րով ե­կած էք ձեր հո­ղե­րը» խօս­քե­րով զա­նոնք դի­մա­ւո­րած է հա­յոց հնա­գոյն մայ­րա­քա­ղաք Վա­նի քա­ղա­քա­պետ Պե­քիր Քա­յան: Ինչ­պէս «Ար­մէնփ­րես» կը հա­ղոր­դէ՝ վկա­յա­կո­չե­լով Հ.Խ.Հ.Կ. մա­մու­լի ծա­ռա­յու­թիւ­նը, քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին մէջ պաշ­տօ­նա­կան ըն­դու­նե­լու­թեան ժա­մա­նակ Հ.Խ.Հ.Կ. նա­խա­գա­հը ման­րա­մասն ներ­կա­յա­ցու­ցած է մար­զա­կան խա­ղե­րուն պատ­մու­թիւ­նը, ան­ցած ու­ղին` նշե­լով, որ այս խա­ղե­րուն կա­րե­ւոր ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րէն մէկն ալ ան­նա­խա­դէպ մեծ, մօտ 730 հո­գի­նոց պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ժա­մա­նումն է Հա­յաս­տան` Սա­սուն, Մուշ, Տիգ­րա­նա­կերտ, Վա­քըֆ, Պիթ­լիս, Տեր­սիմ, Մա­լա­թիա, Վան, Սա­մա­թիա եւ Պո­լիս քա­ղաք­նե­րէն:

Իշ­խան Զա­քա­րեան տե­ղե­կա­ցու­ցած է նաեւ, որ, ի նշան աշ­խար­հով մէկ սփռո­ւած հա­յե­րու միաս­նու­թեան, պի­տի վա­ռի ե­րեք ջահ` Ար­ցախ, Ս­փիւռք եւ Հայ­րե­նիք ե­ռա­միաս­նու­թեամբ:

Ա­ռա­ջին եր­կու ջա­հե­րը ար­դէն վա­ռած են, իսկ եր­րորդ ջա­հը ծրագ­րո­ւած է վա­ռել 10րդ դա­րու Գա­գիկ Արծ­րու­նիի պա­տո­ւէ­րով Վա­նայ լի­ճի Աղ­թա­մար կղզիին վրայ կա­ռու­ցո­ւած Սուրբ խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ:

Վա­նի քա­ղա­քա­պե­տը մեծ պա­տիւ հա­մա­րած է ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը այդ նա­խա­ձեռ­նու­թեան եւ իր պա­տո­ւի­րա­կու­թեամբ ու քա­ղա­քի մշա­կու­թա­յին հա­մոյթ­նե­րով ու­ղեկ­ցած է Հ.Խ.Հ.Կ. պա­տո­ւի­րակ­նե­րուն Աղ­թա­մար:

Սուրբ Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ «Ա­կունք» ազ­գագ­րա­կան հա­մոյ­թը կա­տա­րած է «­Հայր մե­րը», իսկ վայր­կեան­ներ անց Իշ­խան Զա­քա­րեա­նի, Վա­նի քա­ղա­քա­պե­տի եւ փոխ-քա­ղա­քա­պե­տի պար­զած ջա­հը բո­ցա­վա­ռո­ւած է Հա­մա­հայ­կա­կան Խա­ղե­րու գոր­ծա­դիր կո­մի­տէի ան­դամ­ներ Ալֆ­րետ Հա­ւա­նի, Վ­րէժ եւ Ռո­լանդ Շա­ռո­յեան­նե­րու, Ա.Ժ. պատ­գա­մա­ւոր­ներ Հ­րանդ Բագ­րա­տեա­նի, Ա­րա­գած Ա­խո­յեա­նի, Ար­մա­ւի­րի քա­ղա­քա­պետ Ռու­բիկ Խլ­ղա­թեա­նի, Ե.Պ.Հ. պատ­մու­թեան ֆա­կուլ­տե­տի դե­կան Է­դիկ Մի­նա­սեա­նի եւ Հ.Հ. Գ.Ա. պատ­մու­թեան հիմ­նար­կի տնօ­րէն Ա­շոտ Մել­քո­նեա­նի` ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ վա­ռած մո­մե­րէն: Մի­ջո­ցառ­ման ա­ւար­տին, Վա­նի քա­ղա­քա­պե­տը նո­ւէր­ներ յանձ­նած է պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րուն եւ սի­րով ըն­դու­նած է Իշ­խան Զա­քա­րեա­նի հրա­ւէ­րը` ներ­կայ գտնո­ւե­լու Հա­մա­հայ­կա­կան Խա­ղե­րու բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան:

Այ­նու­հե­տեւ, ջա­հը դէ­պի Պիթ­լիս ու Տիգ­րա­նա­կերտ տա­րո­ւած է Օ­հան­նէս Օ­հա­նեա­նի կող­մէ: Տիգ­րա­նա­կերտ տա­նող ճա­նա­պար­հին Հա­յաս­տա­նի պատուի­րա­կու­թիւ­նը ըն­դու­նած է Պիթ­լի­սի քա­ղա­քա­պետ Հու­սէին Օ­լան: Քա­ղա­քա­պե­տը սի­րով տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ ա­մառ­նա­յին խա­ղե­րու բաց­ման իր գլխա­ւո­րած պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը պի­տի ըլ­լայ Ե­րե­ւան: Հու­սէին Օ­լան ցա­ւով անդ­րա­դար­ձած է, նաեւ, 100 տա­րի ա­ռաջ տե­ղի ու­նե­ցա­ծին` ը­սե­լով, որ ի­րենք բո­լորն ալ մե­ղա­ւոր են եւ ժա­մա­նակն է պատ­մու­թեան նա­յե­լու ու­ղիղ աչ­քե­րով:

Իշ­խան Զա­քա­րեան եւ Յու­սէին Օ­լան քննար­կած են Պիթ­լի­սի մէջ դեռ կան­գուն, հայ մե­ծա­նուն գրող Ո­ւի­լեըմ Սա­րո­յեա­նի տան վե­րա­կանգն­ման եւ այդ փո­ղո­ցը ա­նոր ա­նու­նով ա­նո­ւա­նա­կո­չե­լու հար­ցը: Իշ­խան Զա­քա­րեան կա­րե­ւո­րած է նաեւ հայ­կա­կան կի­սա­ւեր ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­կանգն­ման խնդի­րը եւ մշա­կու­թա­յին կա­պե­րու ամ­րապն­դու­մը Հա­յաս­տա­նի տար­բեր քա­ղաք­նե­րու հետ: Կող­մե­րը պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած են այդ հար­ցե­րը քննար­կե­լու ե­րե­ւա­նեան հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ: