Պաշտօնական այցով Հայաստան գտնուող Քորէայի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի Քորէա-Հայաստան բարեկամական խումբի ղեկավար Նոյ Եօու Մին եւ խումբի անդամները Յուլիս 17ին Հ.Հ. Ա.Ժ. Հայաստան-Քորէա բարեկամական խումբի ղեկավար, պատգամաւոր Սամուէլ Ֆարմանեանի եւ Ճաբոնի ու Հարաւա յին Քորէայի մէջ Հ.Հ. արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Հրանտ Պօղոսեանի ուղեկցութեամբ, այցելած են Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր:
Հ.Հ. Ա.Ժ. հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան փոխանցմամբ` քորէացի խորհրդարանականները Քորէա-Հայաստան բարեկամական խումբի անունով ծաղկեպսակ դրած են 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթողին: Անոնք եղած են նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ: