Իր ա­նու­նը յայտ­նել չու­զող բա­րե­րար մը 1,8 մի­լիոն տո­լար նո­ւի­րած է Հա­յաս­տա­նի մէջ բա­րե­սի­րա­կան աշ­խա­տանք տա­նող ե­րեք կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու: Բա­րե­րա­րը 600.000ա­կան տո­լար նո­ւի­րած է Հայ­կա­կան Ծա­ռա­տունկ Ծ­րա­գի­րին (Armenian Tree Project), Հայ Ա­մե­րի­կեան Բա­րօ­րու­թեան Կեդ­րո­նին (AAWC) եւ Աչ­քի Հո­գա­տա­րու­թեան Ծ­րա­գի­րին (EyeCare Project):

«­Շատ քիչ է թի­ւը այն ան­ձե­րուն, ո­րոնք կ­՛օգ­նեն Հա­յաս­տա­նին»,- յայտ­նած է բա­րե­րա­րը՝ իր ազ­նիւ ա­րար­քը բա­ցատ­րե­լով: Նո­ւի­րա­տուն հան­գա­մա­նօ­րէն խօ­սած է իր ըն­տա­նի­քի ող­բա­ցեալ ան­դամ­նե­րուն մա­սին, ո­րոնց յի­շա­տա­կը յար­գած է իր այս նո­ւի­րա­տո­ւու­թեամբ՝ յատ­կա­պէս Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­րիւ­րա­մեա­կին առ­թիւ: Բա­րե­րա­րը հայ­կա­կան հա­մայն­քին հետ կապ չէ պա­հած, սա­կայն տե­ղեակ ե­ղած է Ս­փիւռ­քի մէջ Հա­յաս­տա­նին օգ­նե­լու ճի­գե­րուն մա­սին, ինչ­պէս նաեւ ի­մա­ցած է վե­րը նշո­ւած ե­րեք կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն ու ա­նոնց Հա­յաս­տա­նեան գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին: Բա­րե­րա­րի ա­ռող­ջու­թիւ­նը վեր­ջերս վատ­թա­րա­ցած ըլ­լա­լով՝ ան ո­րո­շած է իր ըն­տա­նի­քի հարս­տու­թիւ­նը բաշ­խել: Նո­ւի­րա­տուն իր բա­րե­սի­րա­կան ա­րար­քը բա­ցատ­րած է՝ վկա­յա­կո­չե­լով ա­ւե­տա­րա­նա­կան յոր­դո­րը՝ օգ­նել կա­րի­քա­ւոր­նե­րուն: «Ես ու­նիմ ին­ծի անհ­րաժեշտ ա­մէն ինչ՝ բնա­կա­րան, սնունդ եւ տա­քուկ ան­կո­ղին: Հի­մա կ­՛ու­զեմ օգ­նել իմ ազ­գիս, Հա­յաս­տա­նի ժո­ղո­վուր­դին»,- յայտ­նած է ան: