Յու­լիս 15ին հրա­պա­րա­կո­ւե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Սահ­մա­նադ­րու­թեան 1-7 գլուխ­նե­րու նա­խա­գի­ծի նախ­նա­կան տար­բե­րա­կը` հան­րա­յին քննար­կում­նե­րու հա­մար: Նա­խա­գի­ծը դրո­ւած է Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան պաշ­տօ­նա­կան կայ­քին վրայ:

«­Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն` ի­րա­ւուն­քի մի­ջո­ցով» եւ­րո­պա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի (­Վե­նե­տի­կի Յանձ­նա­ժո­ղո­վի) մաս­նա­գէտ­նե­րուն հետ քննար­կում­նե­րու ար­դիւնք­նե­րով՝ սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րու մաս­նա­գի­տա­կան յանձ­նա­խում­բը 10, 13, 14 եւ 15 Յու­լի­սի հեր­թա­կան նիս­տե­րուն ըն­թաց­քին մշա­կեց սահ­մա­նադ­րու­թեան 1-7րդ գ­լուխ­նե­րը»,- յայտ­նեց սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րու մաս­նա­գի­տա­կան յանձ­նա­խում­բի քար­տու­ղա­րու­թիւ­նը:

Սահ­մա­նադ­րու­թեան նա­խա­գի­ծի նախ­նա­կան տար­բե­րա­կի 5րդ գ­լու­խին մէջ (­Հան­րա­պե­տու­թեան Նա­խա­գա­հը), մաս­նա­ւո­րա­պէս նշո­ւած է, որ հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը պե­տու­թեան գլուխն է եւ կը մարմ­նա­ւո­րէ ազ­գա­յին միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը:

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը կ­՛ընտ­րո­ւի 7 տա­րո­ւան ժամ­կէ­տով, նոյն ան­ձը հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ կրնայ ընտ­րո­ւիլ միայն մէկ ան­գամ, նշո­ւած է սահ­մա­նադ­րու­թեան նա­խա­գի­ծի 124րդ յօ­դո­ւա­ծին մէջ: Յօ­դո­ւած 125ն­ ալ կը սահ­մա­նէ, որ հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը կ­՛ընտ­րո­ւի ընտ­րող­նե­րու ժո­ղո­վի մը կող­մէ: Ընտ­րող­նե­րու ժո­ղո­վը կազ­մո­ւած է Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի պատ­գա­մա­ւոր­նե­րէ եւ Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու թի­ւին հա­ւա­սար տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման մար­մին­նե­րու կող­մէ ի­րենց կազ­մէն ընտ­րո­ւած ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէ:

Նա­խա­գի­ծի 6րդ գ­լու­խով (­Կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը) կը սահ­մա­նո­ւի, որ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը գոր­ծա­դիր իշ­խա­նու­թեան բարձ­րա­գոյն մար­մինն է, որ իր ծրա­գի­րին հի­ման վրայ կը մշա­կէ եւ կ­՛ի­րա­կա­նաց­նէ պե­տու­թեան ներ­քին եւ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, կ­՛ի­րա­կա­նաց­նէ պե­տա­կան կա­ռա­վար­ման հա­մա­կար­գի ընդ­հա­նուր ղե­կա­վա­րու­մը:

Պա­տե­րազ­մի ժա­մա­նակ զի­նեալ ու­ժե­րու գե­րա­գոյն ընդ­հա­նուր հրա­մա­նա­տա­րը վար­չա­պետն է,- նշո­ւած է սահ­մա­նադ­րու­թեան նա­խա­գի­ծի 154րդ յօ­դո­ւա­ծին մէջ: