Ի տար­բե­րու­թիւն նա­խորդ օ­րե­րուն, Ատր­պէյ­ճան սկսած է ա­ւե­լի յա­ճա­խա­կի կեր­պով խախ­տել զի­նա­դա­դա­րը Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի եւ Ատրպէյ­ճա­նի սահ­մա­նա­գի­ծին վրայ` տար­բեր տե­սա­կի զէն­քե­րէ բա­ցի, հա­րա­ւա­յին ուղ­ղու­թեամբ կի­րար­կե­լով նաեւ 60 մ.մ. հրա­սանդ:

Այդ մա­սին ը­սո­ւած է Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան մամ­լոյ ծա­ռա­յու­թեան Յու­լիս 15ի հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ:

«­Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի յա­ռա­ջա­պահ զօ­րա­մա­սե­րը հիմ­նա­կա­նին մէջ յանձ­նա­ռու մնա­ցած են զի­նա­դա­դա­րին եւ պա­տաս­խան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու դի­մած են միայն խիստ անհը­րա­ժեշ­տու­թեան պա­րա­գա­յին»,- կը տե­ղե­կաց­նէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը:

«­Պա­տաս­խա­նը պի­տի ըլ­լայ ան­հա­մար­ժէք եւ ան­դառ­նա­լի կո­րուստ­նե­րով յղի»

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան մամ­լոյ ծա­ռա­յու­թիւ­նը Ե­րեք­շաբ­թի՝ Յու­լիս 14ի գի­շե­րը հա­ղոր­դագ­րու­թիւն մը տա­րա­ծե­լով, հա­կա­դար­ձած է Ատր­պէյ­ճա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րին, որ մե­ղադ­րե­լով հայ­կա­կան կող­մը խա­ղաղ բնա­կա­վայ­րե­րու գնդա­կոծ­ման մէջ՝ յայ­տա­րա­րած էր, թէ այն տա­րածք­նե­րը, ո­րոնք ան­հա­սա­նե­լի են հրա­ցան­նե­րու հա­մար, պի­տի են­թար­կո­ւին ատր­պէյ­ճա­նա­կան մեծ տրա­մա­չա­փի զէն­քի տե­սակ­նե­րէ գնդա­կոծ­ման:

«­Հա­ւա­տա­րիմ մնա­լով իր ա­պա­կա­ռու­ցո­ղա­կան դիր­քո­րո­շու­մին եւ շա­րու­նա­կե­լով ղա­րա­բա­ղեան-ատր­պէյ­ճա­նա­կան սահ­մա­նա­գի­ծի ամ­բողջ եր­կայն­քին զի­նա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րը` ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մը հեր­թա­կան ա­պա­տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան նա­խա­ձեռ­նած է»,- ը­սուած է Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ: «­Կը տե­ղե­կացը­նենք, որ հայ­կա­կան կող­մը եր­բեք հան­դէս չի գար զի­նա­դա­դա­րի խախտ­ման նա­խա­յար­ձա­կի դե­րին մէջ: Ա­տոր հա­մո­զո­ւե­լու հա­մար, ղա­րա­բա­ղեան կող­մը իր պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը կը յայտ­նէ մի­ջազ­գա­յին դէ­տե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ տեղ­ւոյն վրայ կա­յաց­նե­լու դի­տար­կում եւ պար­զե­լու իս­կա­կան ճշմար­տու­թիւ­նը: Ինչ կը վե­րա­բե­րի Ատր­պէյ­ճա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րին` հայ­կա­կան բնա­կա­վայ­րե­րու եւ զի­նո­ւո­րա­կան դիր­քե­րու վրայ մեծ տրա­մա­չա­փի զէն­քե­րէ կրակ բա­նա­լու մա­սին յայ­տա­րա­րու­թեան, Ար­ցա­խի զի­նեալ ու­ժե­րու հրա­մա­նա­տա­րու­թիւ­նը կը հա­ւաս­տէ, որ նման զար­գա­ցում­նե­րու պա­րա­գա­յին պա­տաս­խա­նը պի­տի ըլ­լայ ան­հա­մար­ժէք եւ ան­դառ­նա­լի կո­րուստ­նե­րով յղի»,- յայ­տա­րա­րած է Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը եւ ընդգ­ծած, որ «ա­ռա­ջին գի­ծին վրայ ստեղ­ծո­ւած լա­րո­ւա­ծու­թեան ամ­բողջ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը պի­տի իյ­նայ ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մին վրայ»: