Այս տա­րո­ւան ըն­թաց­քին Հա­յաս­տա­նէն ընդ­հա­նուր առ­մամբ ար­դէն ար­տա­հա­նո­ւած է 43.400 թոն թարմ պտուղ-բան­ջա­րե­ղէն` նա­խորդ տա­րո­ւան նոյն ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւա­ծի 26.847 թո­նի դի­մաց: Հ.Հ. գիւ­ղատն­տե­սու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան եւ հա­սա­րա­կայ­նու­թեան հետ կա­պե­րու բաժ­նի փո­խանց­մամբ` Յու­լիս

14ի դրու­թեամբ ար­տա­հա­նո­ւած է 17.186 թոն ծի­րան նա­խորդ ամ­բողջ տա­րո­ւան 1791 թո­նի դի­մաց: Հա­յաս­տա­նէն այ­սօ­րո­ւան դրու­թեամբ ար­տա­հա­նո­ւած է 1589 թոն կե­ռաս, նա­խորդ ամ­բողջ տա­րո­ւան 370 թո­նի դի­մաց:

Հայ­կա­կան թարմ պտուղ-բան­ջա­րե­ղէ­նը հիմ­նա­կա­նօ­րէն ար­տա­հա­նո­ւած է Ռու­սիա, Ղա­զախս­տան, Պե­լա­ռու­սիա, Լե­հաս­տան, Վ­րաս­տան, Ա­րա­բա­կան Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­ներ, Զո­ւի­ցե­րիա, Չե­խիա, Նոր­վե­կիա, Քո­ւէյթ: