Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան Մարսէյլի փոխ-քաղաքապետ Տիտյէ Փարաքեանի, Մարսէյլի մէջ Հ.Հ. գլխաւոր հիւպատոս Վարդան Սրմաքէշի եւ Մարսէլի 11 եւ 12րդ շրջանի ղեկավար, Ֆրանսայի Ա.Ժ. պատգամաւոր Վալերի Պուայէի ուղեկցութեամբ այցելած է հայկական Պոմոն թաղամասին մէջ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրը: Քաղաքապետը երեւանեան պատուիրակութեան անդամներուն հետ միասին յարգանքի տուրք մատուցած է Մեծ Եղեռնի անմեղ զոհերու յիշատակին: Այս մասին կը յայտնեն Քաղաքապետարանի մամլոյ ծառայութենէն:
Մարսէյլի 11 եւ 12րդ շրջանի ղեկավար, Ֆրանսայի Ա.Ժ. պատգամաւոր Վալերի Պուայէն նշած է, որ Մարսէյլի հայկական ու հայաշատ թաղամասին մէջ գտնուող յուշահամալիրը կ’առանձնանայ ոչ միայն որպէս ճարտարապետական կառոյց, այլեւ առանձնակի խորհուրդ ունի որպէս պատմական ուղեցոյց ինչպէս տեղի հայ համայնքի, այնպէս ալ Մարսէյլի ողջ բնակչութեան համար: Քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի ներկայացուած է նաեւ յուշահամալիրի հարեւանութեամբ այս տարի զետեղուած յուշաքարը, որ Մեծ Եղեռնէն մազապուրծ հայ մայրերու ու անոնց ժառանգներու իւրովի խոնարհումն է` ի յիշատակ 1915ին զոհուած հայ կանանց: Տեղւոյն վրայ Երեւանի քաղաքապետը ծանօթացած է նաեւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, որոնք իրենց գոհունակութիւնը փոխանցած են Տարօն Մարգարեանին` Երեւանի եւ Մարսէյլի վերջին տարիներու արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար ընդգծելով, որ երկուստեք փոխ-գործակցութիւնը շատ կարեւոր է մարսէյլահայութեան համար: Տարօն Մարգարեան իր հերթին վստահեցուցած է, որ երկու քաղաքներու փոխյարաբերութիւնները բարձր մակարդակի վրայ են ու պիտի շարունակեն ամրապնդուիլ: