11 Յուլիսին Երեւանի մէջ սկսաւ Համազգայինի 21րդ ուսանողական հաւաքը (ֆորում), որ աւելի քան երկու տասնամեակէ ի վեր կը շարունակէ իր առաքելութիւնը.- Աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ուսանող հայ համալսարանականներուն համար ըլլալ համախմբման իւրայատուկ առիթ, կամրջում ստեղծել անոնց միջեւ, իրենց ազգային արմատներուն ու մշակութային ժառանգութեան հաղորդակից դարձնել զանոնք: Այս հաւաքը նաեւ առիթ կþըլլայ միտքերու փոխանակումներու, քննարկումներու, աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ապրող հայերու մտայնութեան եւ իրականութեան ծանօթանալու:
Այս տարի Համազգայինի ուսանողական հաւաքին կան 37 մասնակիցներ, որոնք կու գան գրեթէ բոլոր գաղութներէն՝ Միացեալ Նահանգներու արեւելեան եւ արեւմտեան ափերէն, Քանատայէն, Աւստրալիայէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն, Ֆրանսայէն, Արցախէն, Հայաստանէն, Թիֆլիսէն եւ Ջաւախքէն: Գոյութիւն ունի պատասխանատու կազմ՝ Լիբանանէն, Քանատայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն:
10 Յուլիսի երեկոյեան Լիբանանէն Հայաստան մեկնեցան Լիբանանի եւ Սուրիոյ 6 մասնակիցները, ինչպէս նաեւ հաւաքի պատասխանատու կազմը: 15 օրերու ընթացքին (11 Երեւան, 4 Արցախ) համալսարանական երիտասարդները առիթ պիտի ունենան ծանօթանալու Հայաստանին՝ իբրեւ զբօսաշրջական երկիր եւ իբրեւ հարազատ տուն, հանդիպելու հայրենի մտաւորականներու, քաղաքական-հասարակական գործիչներու հետ, պիտի լսեն պատմամշակութային նիւթերով դասախօսութիւններ, պիտի քըննարկեն ժամանակակից հայ երիտասարդները յուզող տարաբնոյթ խնդիրներ:  Ասոնց զուգահեռ կայ դաստիարակչական ծրագիր մը: