Փառատօնային առաջին օրը բաւական յագեցած եւ միջոցառումներով լեցուն էր: Իրադարձութեան մէկ շաբաթեայ ընթացքը սկսաւ մամլոյ ասուլիսներով, որոնց ժամանակ իրենց ֆիլմերը ներկայացուցին Հայկական Համայնապատկեր ազգային մրցոյթի մասնակիցներ Մարինէ եւ Սոնա Քոչարեաններ («Ինչպէս անց նել Ջիլիզից Ջիլիզ»), Վահրամ Մխիթարեան («Հովիւի երգը») եւ Ալեքս Իգիթբաշեան ու Էմիլի Մկրտչեան («Հատանցում»): Օրուայ երկրորդ կէսին կայացաւ «Ոսկէ Ծիրան»ի ոչ պաշտօնական մեկնարկը խորհրդանըշող՝ ծիրանօրհնէքի աւանդական արարողութիւնը, որը այս տարի կազմակերպուած էր Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ մէջ:
Փառատօնի առաջին օրը տեղի ունեցաւ իտալուհի ճանօթ դերասանուհի Օրնելլա Մութիի հանդիպումը լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու եւ երկրպագուներուն հետ: Որպէս «Ոսկէ Ծիրան»էն հայ շարժապատկերի գործիչներուն մատուցուող յարգանքի տուրք՝ Շառլ Ազնաւուրի հրապարակին վրայ, հայ անուանի այլ գործիչներու անունը կրող աստղերու կողքին, 90ամեայ յոբելեանի կապակցութեամբ՝ բացուեցաւ նաեւ բեմադրիչ Հենրիկ Մալեանի յիշատակը յաւերժացնող աստղը: Այն, ի դէպ, յուշաստղերու շարքին վեցերորդն է:
Արարողութեան յաջորդեց 12րդ «Ոսկէ Ծիրան»ի բացման ֆիլմի՝ Ֆրանսահայ բեմադրիչ Ռոպեր Գեդիգեանի (Կետիկեան) «Խենթ պատմութիւն» տրամայի ցուցադրութիւնը: Ֆիլմը, որու համաշխարհային բացումը եղած է 2015ին Քաննի փառատօնի արտամրցութային ծրագրին, մասնակիօրէն կ’անդրադառնայ Ցեղասպանութեան նիւթին եւ կը պատմէ 1970-80ական թուականներու Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու սերունդին մասին: Փառատօնի պաշտօնական բացումը կայացաւ երեկոյեան, Ալ. Սպենդիարեանի անուան Օփերայի եւ պալետի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ. անուանի հիւրերը, մրցութային եւ ոչ-մրցութային ծրագրերու մասնակիցները անցան կարմիր գորգէն: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան «Ոսկէ Ծիրան» Երեւանի միջազգային փառատօնի հիմնադիր տնօրէն Յարութիւն Խաչատրեան, արդէն տասը տարի փառատօնի գլխաւոր գործընկեր կազմակերպութեան՝ ՎիվաՍել-ՄՏՍի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեան: Այնուհետեւ ներկայացուեցան մրցութային ծրագրին ընդգրկուած ֆիլմերը, ինչպէս նաեւ քննադատական խումբի կազմը: Բացման արարողութիւնը նշանաւորուեցաւ յայտնի շարժապատերի աստղեր՝ Օրնելլա Մութիի եւ Նաստասեա Քինսքիի «Փարաջանովեան թալեր» մրցանակի յանձնման արարողութեամբ:
Փառատօնային առաջին օրէն սկսած մէկ շաբաթեայ Յուլիսեան տօնը խոստմնալից մթնոլորտ ստեղծեց: Իրադարձութեան իւրայատուկ երանգ եւ տրամադրութիւն հաղորդեց փառատօնի մեկնարկի հետ զուգադիպած Վարդավառի տօնը: