Երեւանի տարբեր գրախանութներ, հրատարակչութիւններ եւ գրադարաններ, Միսաք Մանուշեանի անուան պուրակին մէջ, կը մասնակցին գիրքերու բացօթեայ ցուցահանդէս-վաճառքին: Երեւանի քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ, 10-11 Յուլիսին, բոլոր գրքասէրները կարելիութիւն կ՛ունենան այցելելու գիրքերու բացօթեայ երկրորդ փառատօնին, որ այս տարի կը կայանայ «Ընթերցող Երեւան» խորագիրով: Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Արամ Սուքիասեան ընդգծած է, որ յաճախ կ՛ըսուի, թէ ընթերցանութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւնը նուազած է: «Բայց պէտք է ամէնքս էլ փաստենք, որ յատկապէս վերջին շրջանում սկսել է ակտիւութիւն (աշխուժութիւն) ցուցաբերուել գրքի եւ գրականութեան հանդէպ»,- յայտնած է ան՝ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր մասնակիցներուն։ Երեւանի քաղաքապետարանի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան զբօսաշրջութեան բաժինի պետ Մարիա Բարաղամեան նշած է, որ ցուցահանդէս-վաճառքը կը յաւակնի աւանդական դառնալ: «Այն անցկացւում է Երեւանի քաղաքապետարանի «Երեւանեան ամառ 2015» եռամսեայ միջոցառումների ծրագրի շրջանակում: Անցեալ տարուայ եւ այս տարուայ համեմատ մասնակիցների առումով աճ է տեղի ունեցել: Իւրաքանչիւրը ներկայացրել է իր նոր հրատարակութիւնները: Միջոցառման նպատակը պարզ է՝ շարունակել սերմանել սէրը դէպի գիրքը, ընթերցանութիւնը»,- դիտել տուած է Մ. Բարաղամեան: Ըստ անոր՝ գիրքը կը մնայ այժմէական, ուստի պէտք է սիրել զայն։ «Տուրիզմի (զբօսաշրջութեան) տեսանկիւնից այս միջոցառումը եւս շատ կարեւոր է: Մօտ 25 կազմակերպութիւն է մասնակցում»,- նշած է ան՝ աւելցնելով, որ տեղի պիտի ունենան նաեւ գեղարուեստական բազմաբնոյթ նախաձեռնութիւններ։ Փառատօնին մասնակիցները հաստատած են, որ նախաձեռնութիւնը կարեւոր է ներկայացնելու եւ հանրութեան դատին յանձնելու նոր գիրքերը, ինչպէս նաեւ խթանելու ընթերցասիրութիւնը: Գիրքի եւ գրենական պիտոյքներու վաճառքով զբաղող կազմակերպութիւններ այցելուներուն կը ներկայացնեն տարբեր ոճի հայաստանեան, ինչպէս նաեւ արտասահմանեան գրականութիւն։ «Ընթերցող Երեւան» փառատօնը համախմբած է երկու տասնեակէ աւելի կազմակերպութիւններ
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Երեւանի տարբեր գրախանութներ, հրատարակչութիւններ եւ գրադարաններ, Միսաք Մանուշեանի անուան պուրակին մէջ, կը մասնակցին գիրքերու բացօթեայ ցուցահանդէս-վաճառքին: Երեւանի քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ, 10-11 Յուլիսին, բոլոր գրքասէրները կարելիութիւն կ՛ունենան այցելելու գիրքերու բացօթեայ երկրորդ փառատօնին, որ այս տարի կը կայանայ «Ընթերցող Երեւան» խորագիրով: Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Արամ Սուքիասեան ընդգծած է, որ յաճախ կ՛ըսուի, թէ ընթերցանութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւնը նուազած է: «Բայց պէտք է ամէնքս էլ փաստենք, որ յատկապէս վերջին շրջանում սկսել է ակտիւութիւն (աշխուժութիւն) ցուցաբերուել գրքի եւ գրականութեան հանդէպ»,- յայտնած է ան՝ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր մասնակիցներուն։ Երեւանի քաղաքապետարանի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան զբօսաշրջութեան բաժինի պետ Մարիա Բարաղամեան նշած է, որ ցուցահանդէս-վաճառքը կը յաւակնի աւանդական դառնալ: «Այն անցկացւում է Երեւանի քաղաքապետարանի «Երեւանեան ամառ 2015» եռամսեայ միջոցառումների ծրագրի շրջանակում: Անցեալ տարուայ եւ այս տարուայ համեմատ մասնակիցների առումով աճ է տեղի ունեցել: Իւրաքանչիւրը ներկայացրել է իր նոր հրատարակութիւնները: Միջոցառման նպատակը պարզ է՝ շարունակել սերմանել սէրը դէպի գիրքը, ընթերցանութիւնը»,- դիտել տուած է Մ. Բարաղամեան: Ըստ անոր՝ գիրքը կը մնայ այժմէական, ուստի պէտք է սիրել զայն։ «Տուրիզմի (զբօսաշրջութեան) տեսանկիւնից այս միջոցառումը եւս շատ կարեւոր է: Մօտ 25 կազմակերպութիւն է մասնակցում»,- նշած է ան՝ աւելցնելով, որ տեղի պիտի ունենան նաեւ գեղարուեստական բազմաբնոյթ նախաձեռնութիւններ։ Փառատօնին մասնակիցները հաստատած են, որ նախաձեռնութիւնը կարեւոր է ներկայացնելու եւ հանրութեան դատին յանձնելու նոր գիրքերը, ինչպէս նաեւ խթանելու ընթերցասիրութիւնը: Գիրքի եւ գրենական պիտոյքներու վաճառքով զբաղող կազմակերպութիւններ այցելուներուն կը ներկայացնեն տարբեր ոճի հայաստանեան, ինչպէս նաեւ արտասահմանեան գրականութիւն։