Շաբաթ՝ 11 Յուլիսին, նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է Իրանի մշակոյթի եւ իսլամական առաջնորդումի նախարար Ալի Չանաթին, որուն գլխաւորած պատուիրակութիւնը այս օրերուն Երեւանի մէջ կը մասնակցի ԵՈՒՆԵՍՔՕի «Մշակութային քաղաքականութիւն, քաղաքականութիւն մշակոյթի հա մար» խորագրով միջազգային համագումարին: «Դժուարութիւնները ժամանակաւոր են, մեր բարեկամութիւնը` յաւերժական: Պէտք է ամէն ինչ ընել ամրապնդելու եւ ընդլայնելու զարգացման մեծ ներուժ ունեցող հայ-իրանական յարաբերութիւնները` ի բարօրութիւն երկու ժողովուրդներուն եւ ի նպաստ մշակոյթներուն: Մենք իրարմով կը հարստանանք եւ զիրար կը հարստացնենք` մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին աշխարհին հետ կապեր հաստատելով մեր մշակոյթներու հարուստ լեզուով»,- Հ.Հ. նախագահի աշխատակազմի լրատուական վարչութեան հաղորդումով ըսած է նախագահ Սերժ Սարգսեան: Նախագահ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է Իրանի տարածքին գտնուող հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքին եւ այդ ժառանգութեան նկատմամբ ցուցաբերուող հոգատար վերաբերմունքին համար` վստահեցնելով, որ Հայաստանի մէջ եւս իրանական պատմամշակութային ժառանգութեան նկատմամբ նոյնպիսի վերաբերմունք գոյութիւն ունի: Սարգսեան կարեւոր կը նկատէ Իրանի մէջ հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանումը
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Շաբաթ՝ 11 Յուլիսին, նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է Իրանի մշակոյթի եւ իսլամական առաջնորդումի նախարար Ալի Չանաթին, որուն գլխաւորած պատուիրակութիւնը այս օրերուն Երեւանի մէջ կը մասնակցի ԵՈՒՆԵՍՔՕի «Մշակութային քաղաքականութիւն, քաղաքականութիւն մշակոյթի հա մար» խորագրով միջազգային համագումարին: «Դժուարութիւնները ժամանակաւոր են, մեր բարեկամութիւնը` յաւերժական: Պէտք է ամէն ինչ ընել ամրապնդելու եւ ընդլայնելու զարգացման մեծ ներուժ ունեցող հայ-իրանական յարաբերութիւնները` ի բարօրութիւն երկու ժողովուրդներուն եւ ի նպաստ մշակոյթներուն: Մենք իրարմով կը հարստանանք եւ զիրար կը հարստացնենք` մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին աշխարհին հետ կապեր հաստատելով մեր մշակոյթներու հարուստ լեզուով»,- Հ.Հ. նախագահի աշխատակազմի լրատուական վարչութեան հաղորդումով ըսած է նախագահ Սերժ Սարգսեան: Նախագահ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է Իրանի տարածքին գտնուող հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքին եւ այդ ժառանգութեան նկատմամբ ցուցաբերուող հոգատար վերաբերմունքին համար` վստահեցնելով, որ Հայաստանի մէջ եւս իրանական պատմամշակութային ժառանգութեան նկատմամբ նոյնպիսի վերաբերմունք գոյութիւն ունի: