Ըն­թա­ցիկ տա­րո­ւան ­Յու­նո­ւար-­Յու­նիս ա­միս­նե­րուն ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թիւն  այ­ցե­լած է 5286 զբօ­սաշր­ջիկ, նա­խորդ տա­րո­ւան նոյն ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւա­ծի 4353ի փո­խա­րէն, ըստ Լ.Ղ.Հ. ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան մամ­լոյ  քար­տու­ղար Ա­նի ­Սարգսեանի: «Այս տա­րի Ար­ցա­խի նկատ­մամբ ար­տա­սահ­ման­ցի լրագ­րող­նե­րու հե­տաքրք­րու­թիւ­նը ան­նա­խա­դէպ է. ա­ռա­ջին վեց ա­միս­նե­րու տո­ւեալ­նե­րով Լ.Ղ.Հ. Ա.Գ.Ն. տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան ու հա­սա­րա­կայ­նու­թեան հետ կա­պե­րու վար­չու­թեան մէջ լրագ­րո­ղա­կան հա­ւա­տար­մա­գիր  ստա­ցած է 100 ար­տա­սահ­ման­ցի լրագ­րող, մինչ­դեռ նա­խորդ տա­րի նոյն ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւա­ծին` 23»,- նշած է Ա. ­Սարգ­սեան: