Ռու­սիա­յէն եւ Ուք­րա­նիա­յէն Ար­ցախ ժա­մա­նած մօտ 12 ըն­տա­նիք­ներ ցան­կու­թիւն յայտ­նած են մշտա­կան բնա­կու­թիւն հաս­տա­տե­լու Ար­ցա­խի մէջ: Ըն­տա­նիք­նե­րը այս օ­րե­րուն ի­րենց հան­գիս­տը կ­՛անց­նեն հայ­րե­նի բնա­կա­վայ­րին մէջ,- կը գրէ «Ար­ցախփ­րես»:

Մօտ մէկ ա­միս ա­ռաջ «Ար­ցախ» Հայ­րե­նակ­ցա­կան Միու­թիւ­նը կոչ ը­րած է աշ­խար­հի բո­լոր հա­յե­րուն եւ, յատ­կա­պէս, ծա­գու­մով ղա­րա­բաղ­ցի­նե­րուն, ո­րոնք կ­՛ապ­րին ար­տա­սահ­ման, պար­բե­րա­

բար այ­ցե­լե­լու հայ­րե­նի եր­կիր եւ, ա­մէն տա­րի, ի­րենց ըն­տա­նե­կան ար­ձա­կուր­դի գո­նէ մէկ շա­բա­թը անց­նե­լու Ղա­րա­բա­ղի մէջ:

«Ա­մէն օր դրսից ըն­տա­նիք­ներ են ժա­մա­նում Ար­ցախ, նա­խա­ձեռ­նու­թեան օ­րո­ւա­նից մօ­տա­ւոր հա­շո­ւարկ­նե­րով հինգ հա­րիւ­րից ա­ւե­լի ըն­տա­նիք է վե­րա­դար­ձել ու իր հան­գիս­տը կազ­մա­կեր­պում է ի­րենց տնե­րում: Ն­րանք Ար­ցա­խից տար­բեր ժա­մա­նակ­նե­րում գնա­ցած մար­դիկ են, ով­քեր այն­տեղ բա­րե­կամ­ներ ու­նեն, դա­տարկ տներ»,- ը­սած է «Ար­ցախ» Հայ­րե­նակ­ցա­կան Միու­թեան ան­դամ, Հ.Հ.Կ.ա­կան պատ­գա­մա­ւոր, ծնուն­դով ղա­րա­բաղ­ցի Համ­լէտ Յա­րու­թիւ­նեան:

Յու­նիս 20ին Վար­դե­նիս-­Քար­վա­ճառ մայ­րու­ղիով Ար­ցախ ժա­մա­նած էին հիմ­նա­կա­նօ­րէն Ռու­սիա բնա­կող մօտ 200 ըն­տա­նիք` «Ար­ցախ» Հայ­րե­նակ­ցա­կան Միու­թեան նա­խա­գահ Վա­րու­ժան Գ­րի­գո­րեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ: Նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը միու­թեան նա­խա­գահ Վա­րու­ժան Գ­րի­գո­րեա­նին է, որ գլխա­ւո­րած է հայ­րե­նա­դարձ ըն­տա­նիք­նե­րու պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը: Ճա­նա­պար­հին Ար­ցա­խի վար­չա­պետ Ա­րա­յիկ Յա­րու­թիւ­նեան Շա­հու­մեա­նի շրջա­նին մէջ դի­մա­ւո­րած է հիւ­րե­րը: Ան ընդգ­ծած է, որ նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը ու­նի նաեւ տնտե­սա­կան բա­ղադ­րիչ, սա­կայն ա­մե­նա­կա­րե­ւո­րը ար­ցախ­ցի­նե­րը ի­րենց պատ­մա­կան հայ­րե­նի­քի հետ կա­պելն է: 2015ին The Guardian ա­մե­նաար­կա­ծա­յին վայ­րե­րու ցան­կին մէջ ընդգր­կած է Ար­ցա­խը, ուր կա­րե­լի է ար­ձա­կուր­դը անց­նել: Բ­րի­տա­նա­կան զբօ­սաշր­ջա­յին Regent Holidays ըն­կե­րու­թիւ­նը զբօ­սաշր­ջա­յին ու­ղե­գիր­ներ կ­՛ա­ռա­ջար­կէ Ե ե­ւա­նով դէ­պի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ: