Ռուս գոր­ծա­րար Գեր­ման Ս­տեր­լի­գով, ռու­սա­կան РЕН ТВ ա­լի­քին տո­ւած բա­ցա­ռիկ հար­ցազ­րոյ­ցի մը ը­նա­թաց­քին, բա­ցա­յայ­տած է Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ տե­ղա­փո­խո­ւե­լու իր անս­պա­սե­լի ո­րո­շու­մը:

«Ես կը պատ­մեմ պարզ, հա­սա­րակ ճշմար­տու­թիւն, որ կրնայ շա­տե­րուն հա­ճե­լի չթո­ւիլ, սա­կայն ա­տի­կա լա­ւա­գոյնն է այն յօ­րի­նո­ւածք­նե­րէն, ո­րոնք այժմ կը պատ­մեն իմ եւ իմ ըն­տա­նի­քիս մա­սին»,- ը­սած է գոր­ծա­րա­րը:

Ա­նոր խօս­քով` Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղը սքան­չե­լի եր­կիր է` իր հրա­շա­լի ժո­ղո­վուր­դով: Եւ եր­ջա­նիկ են այն հա­յե­րը, ո­րոնք ու­նին նման հայ­րե­նիք, նման պատ­մու­թիւն եւ գե­ղեց­կու­թիւն:

«Ես շրջա­գա­յած եմ ամ­բողջ աշ­խար­հով եւ ոչ մէկ տեղ նման վայր տե­սած եմ: Ն­ման գե­ղեց­կու­թիւն, նման պտղա­բե­րու­թիւն եւ, ա­մե­նա­կա­րե­ւո­րը, նման յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ մար­դոց մի­ջեւ: Այս­տեղ ընդ­հան­րա­պէս թշնա­ման­քը զե­րո­յա­կան մա­կար­դա­կի վրայ է»,- պատ­մած է Ս­տեր­լի­գով:

Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ռուս գոր­ծա­րա­րը դի­մած է ռուս քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն` նշե­լով, որ ա­նոնց դժո­ւար պի­տի ըլ­լայ բա­ցատ­րել, թէ ինչ­պէ՞ս մար­դիկ հրա­շա­լի կը վե­րա­բե­րին ի­րա­րու հետ: Ա­տոր հա­մար պէտք է ըլ­լալ այդ երկ­րին մէջ:

«Ես եր­ջա­նիկ եմ, որ այս­տեղ բե­րած եմ իմ ե­րե­խա­ներս, քա­նի որ ես ա­նոնց կը պատ­մէի, տե­սա­կա­նօ­րէն , թէ ինչ­պէ՞ս մար­դիկ պէտք է ի­րա­րու հետ վարուին, քա­նի որ ի­րա­պէս ժա­մա­նա­կա­կից Ռու­սիոյ մէջ նման վե­րա­բեր­մունք, ցա­ւօք, չկայ: Իսկ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մէջ ա­նի­կա կայ: Այս­տեղ ա­նոնք ա­տի­կա կը տես­նեն: Եւ ա­տի­կա չա­փա­զանց օգ­տա­կար դաս է ա­նոնց հա­մար»,- ը­սած է Ս­տեր­լի­գով:

Իր ան­կեղծ խոս­տո­վա­նու­թեան վեր­ջա­ւո­րու­թեան գոր­ծա­րա­րը եւս մէկ ան­գամ ընդգ­ծած է` որ­քան ա­ռանձ­նա­յա­տուկ կը հա­մա­րէ այն վայ­րը, ուր այժմ կը գտնո­ւի: «Ե­կէ՛ք Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ` հասկ­նա­լու հա­մար, թէ ին­չի՞ մա­սին կը խօ­սիմ: Ա­սի­կա բա­ցա­ռիկ վայր է աշ­խար­հի վրայ: Ան մարդ­կա­յին հնա­գոյն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու օր­րան է, զոր պահ­պա­նած է հայ ժո­ղո­վուր­դը»,- նշած է Ս­տեր­լի­գով: