­Ռու­սիոյ վար­չա­պետ Տ­միթ­րի Մետ­վե­տեւ Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեա­նին հետ հան­դի­պու­մի ըն­թաց­քին վստա­հե­ցու­ցած է, որ Մոս­կո­ւա ու­շա­դիր կը հե­տե­ւի Հա­յաս­տա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցող ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն,- կը տե­ղե­կաց­նէ ԹԱՍՍ լրա­տու գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը: «­Մենք ու­շա­դիր կը հե­տե­ւինք այն ա­մէ­նուն, ինչ որ կը կա­տա­րո­ւի Հա­յաս­տա­նի մէջ, ո­րով­հե­տեւ դուք մեր դրա­ցին էք, դաշ­նա­կի­ցը, մօտ պե­տու­թիւ­նը եւ մե­զի հա­մար վստա­հա­բար միեւ­նոյ­նը չէ, ինչ­պէս կը զար­գա­նան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը բա­րե­կա­մա­կան երկ­րի մը մէջ»,- այս մա­սին Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեա­նին ը­սած է Ռու­սիոյ վար­չա­պետ Տ­միթ­րի Մետ­վե­տեւ: