Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ծե­րա­կոյ­տի Յատ­կա­ցում­նե­րու Յանձ­նա­ժո­ղո­վը Հինգ­շաբ­թի՝ 9 Յու­լի­սին, ձայ­նակ­ցե­լով ծե­րա­կու­տա­կան Մարք Քըր­քին (հան­րա­պե­տա­կան, Ի­լի­նո­յէն)՝ իր պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը յայտ­նեց շա­րու­նա­կե­լու ուղ­ղա­կի Ար­ցա­խի քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն տրո­ւող մար­դա­սի­րա­կան օ­ժան­դա­կու­ թիւ­նը:

1998էն ի վեր տրո­ւող այս տա­րե­կան օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը կը վա­յե­լէ ա­ջակ­ցու­թիւ­նը յանձ­նա­ժո­ղո­վի թէ՛ հան­րա­պե­տա­կան եւ թէ դե­մոկ­րատ ան­դամ­նե­րուն: Հ.Յ.Դ. Ա­մե­րի­կա­յի Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ Քեն Խա­չի­կեան այս առ­թիւ ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նեց ծե­րա­կու­տա­կան Մարք Քըր­քին՝ Ար­ցա­խին օգ­նե­լու ծրագ­րին իր կա­րե­ւոր նպաս­տին հա­մար: «Օգ­նու­թեան այս ծրա­գի­րը մար­դա­սի­րա­կան անհ­րա­ժեշտ օգ­նու­թիւն կը հասց­նէ Ար­ցա­խին, Ա­մե­րի­կա­յի զօ­րակ­ցու­թեան ու­ժեղ դրսե­ւո­րում մը հան­դի­սա­նա­լով ա­նոր քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն հան­դէպ:

Մենք մե­ծա­պէս կը գնա­հա­տենք ծե­րա­կու­տա­կան Մարք Քըր­քի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը յանձ­նա­ժո­ղո­վի ա­տե­նա­պետ Կ­րա­հա­մի հետ՝ այս կեն­սա­կան ծրագ­րի հաս­տատ­ման ուղ­ղու­թեամբ»,- յայ­տա­րա­րեց Խա­չի­կեան:

Յանձ­նա­ժո­ղո­վի որ­դեգ­րած զե­կոյ­ցը, որ կցո­ւած է 2016ի պե­տա­կան-ար­տա­քին յատ­կա­ցում­նե­րու օ­րի­նա­գի­ծին, կ­՛ընդգ­ծէ հե­տե­ւեա­լը.-

«­Յանձ­նա­ժո­ղո­վը կը յանձ­նա­րա­րէ օգ­նու­թիւն տալ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան զո­հե­րուն՝ այն չա­փով, որ կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ ան­ցեալ տա­րի­նե­րու օ­ժան­դա­կու­թեան: Յանձ­նա­ժո­ղո­վը նաեւ իր զօ­րակ­ցու­թիւ­նը կը յայտ­նէ հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ լուծ­ման ուղ­ղու­թեամբ տա­րո­ւող ճի­գե­րուն: Յանձ­նա­ժո­ղո­վը նաեւ կա­րե­ւոր կը նկա­տէ ա­կա­նա­զերծ­ման աշ­խա­տանք­նե­րու շա­րու­նա­կու­թիւ­նը եւ ըն­դու­նե­լի չի հա­մա­րեր այն ար­գելք­նե­րը, ո­րոնք դրո­ւած են ո­րոշ շրջան­նե­րու ա­կա­նա­զերծ­ման դէմ: Յանձ­նա­ժո­ղո­վը յանձ­նա­րա­րած է Հա­յաս­տա­նին տալ 20,06 մի­լիոն տո­լա­րի տնտե­սա­կան օգ­նու­թիւն, 1,7 մի­լիոն տո­լա­րի սպա­ռա­զի­նու­թեան ա­ջակ­ցու­թիւն, եւ 600 հա­զար տո­լար ռազ­մա­կան կրթու­թեան ծրա­գիր­նե­րու հա­մար: Ատր­պէյ­ճա­նի հա­մար յանձ­նա­րա­րո­ւած գու­մա­րը 8,778 մի­լիոն տո­լար է, իսկ Վ­րաս­տա­նի­նը՝ 54 մի­լիոն տո­լար: