­altՄի­ջազ­գա­յին պայ­քա­րը ցե­ղաս­պա­նու­թիւն յան­ցա­գոր­ծու­թեան դէմ պէտք է նոր թափ առ­նէ, նոր բո­վան­դա­կու­թիւն ստա­նայ եւ օգ­տա­գոր­ծէ բո­լոր հնա­րա­ւոր հար­թակ­նե­րը: Այս մա­սին Հ.Հ. նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան ը­սած է Ե­րե­ւա­նի մէջ ցե­ղաս­պա­նա­գէտ­նե­րու մի­ջազ­գա­յին ըն­կե­րակ­ցու­թեան 12րդ ­հա­մա­ժո­ղո­վի բաց­ման ժա­մա­նակ:

­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րան-հիմ­նար­կը, 2015ի ­Յու­լիս 8-12ին, կը հիւ­րըն­կա­լէ ­Ցե­ղաս­պա­նա­գէտ­նե­րու ­Մի­ջազ­գա­յին Ըն­կե­րակ­ցու­թեան (Ց.Մ.Ը.) 12րդ ­գի­տա­ժո­ղո­վը, ո­րուն խո­րա­գիրն է «20րդ ­դա­րու ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու հա­մե­մա­տա­կան վեր­լու­ծու­թիւն»: «­Յա­ճախ թւում է, որ մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի զար­գաց­մա­նը, քա­ղա­քա­կան մտքի ա­ռաջ­խա­ղաց­մա­նը զու­գըն­թաց՝ մարդ­կու­թիւ­նը պէտք է ար­դէն իսկ յաղ­թա­հա­րած լի­նէր ցե­ղաս­պա­նու­թիւն յան­ցա­գոր­ծու­թեան ար­հա­ւիր­քը: Այն­քան է խօ­սո­ւել մարդ­կու­թեան դէմ ուղ­ղո­ւած այս յան­ցա­գոր­ծու­թեան բա­ղադ­րիչ­նե­րի մա­սին, այն­քան ջանք է ներդ­րո­ւել այս յան­ցա­գոր­ծու­թիւ­նը բնո­րո­շե­լու, կան­խար­գե­լե­լու, պատ­ժե­լու եւ դա­տա­պար­տե­լու ուղ­ղու­թեամբ, որ թւում էր, թէ «Այ­լեւս Եր­բե՛ք» կար­գա­խօսն իր լիար­ժէք ի­րա­գործ­մա­նը կը հաս­նի: ­Ցա­ւօք, մենք այ­սօր էլ ա­կա­նա­տեսն ենք դառ­նում ցե­ղաս­պա­նա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րի, այ­լա­տեա­ցու­թեան քա­րոզ­չու­թեան, ֆա­շիս­տա­կան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան ա­ռաջ մղմա­նը»,- ը­սած է նա­խա­գա­հը:

­Սարգ­սեան շեշ­տած է, որ յա­ճախ, երբ ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին խօ­սո­ւի, ո­մանք կ­՛օգ­տա­գոր­ծեն «ող­բեր­գու­թիւն» ձե­ւա­կեր­պու­մը, սա­կայն նա­խա­գա­հը անհ­րա­ժեշտ կը հա­մա­րէ, որ մշտա­պէս օգ­տա­գոր­ծո­ւի այդ եզ­րոյ­թի միակ ճիշտ բնո­րո­շու­մը` «յան­ցա­գոր­ծու­թիւն»: ­Նա­խա­գա­հը ընդգ­ծած է, որ հա­շո­ւի առ­նե­լով այդ յան­ցա­գոր­ծու­թեան բազ­մա­շերտ բնոյ­թը, չա­փա­զանց կա­րե­ւոր է ա­նոր բնո­րոշ­ման, կան­խար­գել­ման, դադ­րեց­ման, դա­տա­պարտ­ման, ա­տոր հա­մար պա­տի­ժի կի­րառ­ման գոր­ծըն­թա­ցի բազ­մա­կող­մա­նիօ­րէն հիմ­նա­ւորուա­ծու­թիւ­նը` գի­տա­կան հիմ­քի վրայ:

«­Պատ­մա­բան­ներ, քա­ղա­քա­գէտ­ներ, ազ­գագ­րա­գէտ­ներ, մշա­կու­թա­բան­ներ, մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի մաս­նա­գէտ­ներ, հո­գե­բան­ներ, բազ­մա­թիւ այլ մաս­նա­գէտ­ներ են անհ­րա­ժեշտ՝ ցե­ղաս­պա­նու­թեան յան­ցա­գոր­ծու­թեան դէմ պայ­քարն ա­ւե­լի ար­դիւ­նա­ւէտ ա­ռաջ մղե­լու հա­մար, ինչ­պէս նաեւ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րի հե­տե­ւանք­նե­րը յաղ­թա­հա­րե­լուն ուղ­ղո­ւած քայ­լեր ծրագ­րա­ւո­րե­լու եւ ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար»,- ը­սած է Ս.­Սարգ­սեան` ա­ւելց­նե­լով, որ ա­տով կը կա­րե­ւո­րո­ւի ­Ցե­ղաս­պա­նա­գէտ­նե­րու ­Մի­ջազ­գա­յին Ըն­կե­րակ­ցու­թեան այս հար­թա­կը: ­Նա­խա­գա­հը ար­ժե­ւո­րած է այս հա­մա­ժո­ղո­վի ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը եւ տա­րի­նե­րէ ի վեր մաս­նա­գէտ­նե­րու ներդ­րած ջան­քե­րը` ուղ­ղո­ւած գի­տա­կան մա­կար­դա­կի վրայ պատ­մա­կան ար­դա­րու­թեան վե­րա­կանգն­ման:

­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ ­տա­րե­լի­ցի մի­ջո­ցա­ռում­նե­րու ծի­րէն ներս, այս տա­րո­ւան Ապ­րի­լին Ե­րե­ւա­նի մէջ կա­յա­ցաւ «Ընդ­դէմ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն յան­ցա­գոր­ծու­թեան» ա­ռա­ջին հա­մաշ­խար­հա­յին հա­մա­ժո­ղո­վը: ­Հա­մա­ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցե­ցան մօտ 600 պատ­գա­մա­ւոր­ներ, լրագ­րող­ներ, հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ­ներ, գիտ­նա­կան­ներ: Ա­նի­կա ուղ­ղո­ւած չէր ո­րե­ւէ պե­տու­թեան կամ ժո­ղո­վուր­դի դէմ, այլ ուղ­ղո­ւած էր ցե­ղաս­պա­նու­թիւն յան­ցա­գոր­ծու­թեան դէմ: ­Նա­խա­գա­հը տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ հա­մա­ժո­ղո­վը կը նա­խա­տե­սո­ւի ի­րա­կա­նաց­նել եր­կու տա­րին մէկ ան­գամ` սկսած 2016 թո­ւա­կա­նէն:

­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րան-հիմ­նար­կի տնօ­րէն ­Հայկ ­Դե­մո­յան իր հեր­թին նշած է, որ այ­սօր ցե­ղաս­պա­նա­գէտ­նե­րու պատ­կա­ռե­լի հա­մայնք մը հա­ւա­քո­ւած է Ե­րե­ւան` քա­նի մը օր կի­սուե­լու, քննար­կե­լու, բա­նա­վի­ճե­լու մարդ­կու­թեան չա­րիքն ու խա­րա­նը դար­ձած յան­ցա­գոր­ծու­թեան մը շուրջ, ո­րուն ա­նու­նը ցե­ղաս­պա­նու­թիւն է:

Ըստ ա­նոր, ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ե­րե­ւոյ­թը տա­կա­ւին չէ ի­մաս­տա­ւո­րո­ւած եւ ըն­կա­լո­ւած մարդ­կու­թեան կող­մէ, եւ ինչ-որ ա­ռու­մով մարդ­կու­թիւ­նը հաշ­տո­ւած է ա­նոր գո­յու­թեան եւ հե­տե­ւանք­նե­րուն հետ:

«Այ­սօր աշ­խար­հի տար­բեր ան­կիւն­նե­րում մո­լեգ­նող զան­գո­ւա­ծա­յին բռնու­թիւն­ներն ու ա­հա­բեկ­չու­թիւն­նե­րը, տար­բեր երկր­նե­րում իշ­խա­նու­թեան գլուխ կանգ­նած ռազ­մա­մոլ եւ յա­ւակ­նորդ ա­ռաջ­նորդ­նե­րի ագ­րե­սիւ (յար­ձա­կո­ղա­կան) հռե­տո­րա­բա­նու­թիւնն այն ա­հա­զանգ­ներն են, ո­րոնք ա­նու­շադ­րու­թեան չպէտք է մատ­նել: ­Հա­յե­րը, հրեա­նե­րը, թութ­սի­ներն ու պոս­նիա­ցի­նե­րը չեն կա­րող միայ­նակ մնալ ի­րենց ցա­ւի ու յի­շո­ղու­թեան հետ, քան­զի դա հա­մայն մարդ­կու­թեան ցաւն ու օ­րա­կար­գա­յին խնդիրն է տե­ղի ու­նե­ցած ող­բեր­գու­թեան հե­տե­ւանք­նե­րին ա­ռե­րե­սո­ւե­լու հա­մար»,- ը­սած է ­Դե­մո­յեան: Ան նշած է, որ այս տա­րի աշ­խար­հի տար­բեր եր­կիր­նե­րու մէջ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ ­տա­րե­լի­ցը եւս մէկ ան­գամ բո­լո­րիս ստի­պեց յե­տա­դարձ հա­յեացք ձգե­լու ոչ միայն մե­զի` հա­յե­րուս պա­տու­հա­սած ող­բեր­գու­թեան, այ­լեւ վեր­յի­շե­լու Ա­ռա­ջին եւ Երկ­րորդ Աշ­խար­հա­մարտ­նե­րու սար­սափ­նե­րը, ­Հո­լո­քոսթն ու ­Ռո­ւան­տան, ­Պալ­քան­նե­րը: Ա­սոնք քսա­նե­րորդ դա­րու զար­հու­րե­լի դրո­ւագ­ներն են: «­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը պատ­մա­կան հաս­կա­ցու­թիւն չի: Այն չի սահ­մա­նա­փակ­ւում տա­րա­ծու­թեան եւ ժա­մա­նա­կի մէջ, քան­զի իր ծան­րու­թեամբ եւ հե­տե­ւանք­նե­րով հա­մա­մարդ­կա­յին մի­ջամ­տու­թեան, կան­խար­գել­ման եւ ի­մաս­տա­ւոր­ման է պար­տադ­րում մեզ բո­լո­րիս»,- ը­սած է ­Դե­մո­յեան: