Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան ո՛չ հաստատեց, ո՛չ ալ հերքեց հրապարակուած այն տեղեկութիւնը, թէ Հայաստան Ռուսիայէն պիտի գնէ «Իսքանտեր-Մ» հրթիռային համակարգեր:
«Պիտի գնուին նորագոյն զէնքեր, սպառազինութիւն ե՛ւ յարձակողական, ե՛ւ պաշտպանական բնոյթի, ինչպէս նաեւ նոր սարքեր: Ընդհանրապէս բանակի վերազինման լայնածաւալ ծրագրի ծիրին մէջ է այս ամէնը»,- ընդգծեց Յովհաննիսեան:
Յատկանշական է, որ Հայաստանի խորհրդարանին կողմէ վարկային այդ համաձայնագրին վաւերացման օրը` 2 Յուլիսին, ռուսական ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով Ռուսիոյ ռազմաճարտարագիտական գործակցութեան մարզի անանուն աղբիւրի մը, գրեց, որ Մոսկուա Երեւանի հետ բանակցութիւններ կը վարէ «Իսքանտեր-Մ» տեսակի հրթիռային համակարգեր մատակարարելու շուրջ:
Արծրուն Յովհաննիսեան այս առնչութեամբ ըսաւ.- «Որոշակի ոչ մէկ բան կրնամ ըսել: Ռուսական կողմին հետ կը քննարկուին տարբեր տեսակի յարձակողական, ներառեալ հեռահար սպառազինութեան գնման հարցեր»:
Ըստ ռուսական լրատու միջոցներու, «Իսքանտեր» հրթիռային համակարգերը ունին քանի մը տեսակներ, եւ «Իսքանտեր-Մ»ը, որուն հասողութիւնը մինչեւ 500 քիլոմեթր է, նախագծուած է ռուսական զինեալ ուժերուն համար: Եթէ գործարքը պաշտօնապէս հաստատուի, Հայաստան Ռուսիայէն ետք կը դառնայ երկրորդ երկիրը, որ կ՛ունենայ «Իսքանտեր» հրթիռային համակարգեր: Բանակի հետագայ վերազինման եւ արդիականացման վերաբերող հարցումին՝ Արծրուն Յովհաննիսեան պատասխանեց.- «Բանակը մինչեւ այդ վարկն ալ կը սպառազինուէր եւ պիտի շարունակէ սպառազինուիլ: Միայն այդ վարկով չէ, որ բանակի սպառազինման ծրագիրը կ՛իրականացուի»: