Ոս­տի­կան­նե­րը Յու­լիս 6ին ցրո­ւե­ցին ե­լեկտ­րա­կան հո­սան­քի սա­կի բարձ­րաց­ման դէմ բո­ղո­քող ցու­ցա­րար­նե­րը Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յին վրայ: Ա­ռա­ւօ­տեան ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը յայ­տա­րա­րու­թեամբ մը յայտ­նեց, որ կը «պատ­րաս­տո­ւի վե­րա­բա­նա­լու Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տան եւ եր­թե­ւե­կե­լի հա­տո­ւա­ծէն հե­ռաց­նե­լու շուրջ եր­կու շա­բա­թէ ի վեր եր­թե­ւե­կը խո­չըն­դո­տող ա­ռար­կա­նե­րը»:

«­Հա­կա­ռակ այն հան­գա­ման­քին, որ ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը ա­պօ­րի­նի հա­ւա­քի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն եւ մաս­նա­կից­նե­րուն ա­ռա­ջար­կած էր ինք­նա­կամ վերց­նել Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յի ար­գե­լա­կու­մը, այդ յոր­դոր­նե­րը վեր­ջին քա­նի մը օ­րե­րուն ըն­թաց­քին ամ­բող­ջու­թեամբ ան­տե­սո­ւե­ցան: Այ­սու­հան­դերձ, ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը ան­գամ մը եւս, եւ վեր­ջին ան­գամ, կ­՛ա­ռա­ջար­կէ հա­ւա­քի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն եւ մաս­նա­կից­նե­րուն` մին­չեւ ժա­մը 12:30 (­Յու­լիս 6ին) ինք­նա­կամ վերց­նել Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յի ար­գե­լա­կու­մը: Հա­կա­ռակ պա­րա­գա­յին, ժա­մը 12:30էն սկսեալ ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը ա­տի­կա պի­տի ի­րա­կա­նաց­նէ ի­րեն վե­րա­պա­հո­ւած լիա­զօ­րու­թիւն­նե­րու գոր­ծադր­ման մի­ջո­ցով»,- յայ­տա­րա­րեց ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը` վստա­հեց­նե­լով, որ նշեալ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը ուղ­ղո­ւած պի­տի չըլ­լան հա­ւա­քի դադ­րեց­ման, ե­թէ ա­տի­կա պի­տի շա­րու­նա­կո­ւի Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յի ոչ եր­թե­ւե­կե­լի հա­տո­ւա­ծին մէջ եւ պի­տի չխո­չըն­դո­տէ ա­տոր բնա­կա­նոն ըն­թաց­քը:

Փոխ-ոս­տի­կա­նա­պետ Վա­լե­րի Օ­սի­պեան կէ­սօ­րին ցու­ցա­րար­նե­րուն մօ­տե­նա­լով յայ­տա­րա­րեց, որ ցու­ցա­րար­նե­րուն 30 վայր­կեան ժա­մա­նակ կը տրուի պո­ղո­տան բա­նա­լու հա­մար: «­Յար­գե­լի՛ քա­ղա­քա­ցի­ներ, քոյ­րե՛ր, եղ­բայր­նե՛ր, կոչ կ­՛ուղ­ղենք` ե­կէք միա­սին վե­րա­հաս­տա­տենք Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յի այն տես­քը, որ միշտ ե­ղած է` մա­քուր, գե­ղե­ցիկ»,- բարձ­րա­խօ­սով յոր­դո­րեց Օ­սի­պեան:

Դա­ւիթ Սա­նա­սա­րեան խնդրեց մին­չեւ ե­րե­կոյ ժա­մա­նակ տրա­մադ­րել

«Ե­թէ չէք սպա­սեր` ա­սի­կա կը նկա­տո­ւի սադ­րանք, եւ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ուղ­ղա­կի կը վախ­նան ե­րե­կո­յեան մեր հան­րա­հա­ւա­քէն»,- նշեց Սա­նա­սա­րեան:

Ե­րե­ւա­նի փոխ-ոս­տի­կա­նա­պե­տը յոր­դո­րեց պայ­ման­նե­րով չխօ­սիլ, ոս­տի­կան­նե­րը շա­րու­նա­կե­ցին ի­րենց գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը: Փոխ-ոս­տի­կա­նա­պե­տի վեր­ջին նա­խազ­գու­շա­ցու­մէն ետք` ժա­մը 12:30ին, ոս­տի­կան­նե­րը շղթայ կազ­մե­ցին աղ­բա­ման­նե­րուն դի­մաց, թոյլ չտա­լով շար­ժու­մի մաս­նա­կից­նե­րուն մօ­տե­նա­լու ա­նոնց: Ոս­տի­կան­նե­րը, անց­նե­լով Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յին վրայ իբ­րեւ պատ­նէշ­ներ ծա­ռա­յող աղ­բա­ման­նե­րու միւս` ցու­ցա­րար­նե­րուն կող­մը, սկսան ա­նոնց հե­ռաց­ման աշ­խա­տանք­նե­րը: Քիչ ետք ա­նոնց միա­ցան նաեւ Ե­րե­ւա­նի կեդ­րո­նին մէջ աղ­բե­րը հա­ւա­քե­լու աշ­խա­տան­քը ի­րա­կա­նաց­նող «­Սա­նի­թեք» ըն­կե­րու­թեան աշ­խա­տա­ւոր­նե­րը:

Յի­շեց­նենք, որ «­Սա­նի­թեք»ի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չի դի­մու­մին հի­ման վրայ յա­րու­ցո­ւած քրէա­կան գործ կայ` ըն­կե­րու­թեան պատ­կա­նող մեծ չա­փի գոյ­քա­յին վնաս պատ­ճա­ռե­լու փաս­տով, ոս­տի­կան­նե­րը աղ­բա­ման­նե­րը գրա­ւե­լու ո­րո­շում ու­նին:

Մին­չեւ ցոյ­ցը ցրո­ւե­լը, Հա­յաս­տա­նի ոս­տի­կա­նա­պե­տի տե­ղա­կալ Յու­նան Պօ­ղո­սեան յայ­տա­րա­րեց, որ ցու­ցա­րար­նե­րը պար­զա­պէս պի­տի հե­ռաց­նեն փո­ղո­ցի եր­թե­ւե­կե­լի հա­տո­ւա­ծէն, եւ յոր­դո­րեց շար­ժու­մը շա­րու­նա­կել Ա­զա­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ, սա­կայն ցու­ցա­րար­նե­րը մեր­ժե­ցին հե­ռա­նալ եւ նստան գե­տին: Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յին վրայ յայտ­նո­ւած տար­բեր

ստո­րա­բա­ժա­նում­նե­րու մէջ, հա­րիւ­րա­ւոր ոս­տի­կան­ներ գոր­ծի ան­ցան: Ի տար­բե­րու­թիւն 23 Յու­նի­սին, ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը այս ան­գամ ցոյ­ցը ցրո­ւե­լու հա­մար չօգ­տա­գոր­ծեց ջրցան մե­քե­նան:

Ցու­ցա­րար­նե­րուն մէկ մա­սը բեր­ման են­թար­կե­լէ եւ պո­ղո­տան ամ­բող­ջո­վին բա­նա­լէ ետք, ոս­տի­կան­նե­րը Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յի եր­կու մայ­թե­րուն մի­ջեւ շղթայ կազ­մե­ցին, բա­ցին ճամ­բան, ինք­նա­շարժ­նե­րու եր­թե­ւե­կը վերսկ­սաւ:

«­Կը վստա­հեց­նեմ, որ բեր­ման են­թար­կո­ւած ցու­ցա­րար­նե­րուն նկատ­մամբ ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը հե­տապն­դում պի­տի չի­րա­կա­նաց­նէ: Ա­նոնք մեր քոյ­րերն ու եղ­բայր­ներն են: Յաղ­թա­նա­կը բո­լո­րիսն է»,- ը­սաւ Վա­լե­րի Օ­սի­պեան: Ան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ցու­ցա­րար­նե­րուն, ո­րոնք շատ լաւ կե­ցո­ւածք ու­նե­ցած են իբ­րեւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ար­ժա­նա­պա­տիւ քա­ղա­քա­ցի­ներ:

Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յէն բեր­ման են­թա­կո­ւած եւ ոս­տի­կա­նա­կան բա­ժան­մունք­ներ տե­ղա­փո­խո­ւած 46 ան­ձե­րը ա­ւե­լի ուշ ա­զատ ար­ձա­կե­ցան:

Ցոյ­ցը Տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ Ա­զա­տու­թեան Հ­րա­պա­րակ

Ա­ւե­լի ուշ, ե­րե­կո­յեան, ցոյ­ցե­րը հա­մա­կար­գող խում­բի ան­դամ Դա­ւիթ Սա­նա­սա­րեան ան­ժամ­կէտ հա­ցա­դուլ յայ­տա­րա­րեց Ա­զա­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ: «­Հա­ցա­դուլս յա­նուն Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան է, մեր վա­ղո­ւան հա­մար է եւ ի նպաստ մեր պայ­քա­րին: Հա­ցա­դուլ պի­տի ը­նեմ այս­տեղ ան­ժամ­կէտ եւ կը սպա­սեմ, որ Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցի­նե­րը պի­տի գան այս­տեղ եւ միա­սին ո­րո­շում կու տանք, թէ ի՛նչ պի­տի ը­նենք: Այ­սինքն` իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն այն քայ­լը, որ մեզ ուղ­ղա­կի քաշք­շե­լով Բաղ­րա­մեա­նէն տա­րին, պո­ղո­տան բա­ցին ու կը կար­ծեն, որ ա­մէն ինչ հան­գիստ պի­տի ըն­թա­նայ, ա­նոնք չա­րա­չար կը սխա­լին. պայ­քա­րը հի­մա նոր հանգ­րո­ւան կը մտնէ, ա­ւե­լի վճռա­կան հանգ­րո­ւան կը մտնէ»,- Ա­զա­տու­թիւն ձայ­նաս­փիւ­ռի կա­յա­նին յայտ­նեց Սա­նա­սա­րեան:

Ան նշեց, որ այս ան­գամ պա­հանջ չէ ներ­կա­յա­ցու­ցած իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն: Ա­նոր հիմ­նա­կան ակն­կա­լի­քը ժո­ղո­վուր­դէն է, որ եր­թան այն­տեղ եւ միա­սին կա­տա­րեն ի­րենց քայ­լը: Ան յայտ­նեց, որ կը խօ­սուի, թէ Ուր­բաթ օ­րը պի­տի հա­ւաքուին եւ ե­թէ Ուր­բաթ օ­րը մարդ հա­ւա­քո­ւի, կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ Բաղ­րա­մեան եր­թալ: Սա­նա­սա­րեան ընդգ­ծեց, որ իր հա­ցա­դու­լը պի­տի դադ­րեց­նէ եւ բո­լո­րին հետ միա­սին Բաղ­րա­մեան պի­տի քա­լէ:

Ա­զա­տու­թեան պո­ղո­տա­յին վրայ Ե­րե­ւա­նի փոխ-ոս­տի­կա­նա­պետ Վա­լե­րի Օ­սի­պեան ան­գամ մը եւս յոր­դո­րեց ա­նօ­րի­նա­կան եր­թեր չի­րա­կա­նաց­նել: «Եր­թեր թոյլ պի­տի չտանք, կը յոր­դո­րենք մնալ այս­տեղ: Այ­նու­հե­տեւ կոչ կ­՛ուղ­ղենք ստա­նա­լու հա­մա­պա­տաս­խան ար­տօ­նու­թիւն` նաեւ այս­տեղ մնա­լու հա­մար, ո­րով­հե­տեւ ա­մէն պա­րա­գա­յի ա­սի­կա քա­ղա­քի կեդ­րոնն է, կեդ­րո­նա­կան հրա­պա­րա­կը»,- յայտ­նեց Օ­սի­պեան:

Ան նշեց, որ ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն շնոր­հա­կալ է, որ գի­տա­կից են եւ այն մօ­տե­ցու­մը, պա­հան­ջը, որ ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը ներ­կա­յա­ցուց, ցու­ցա­րար­նե­րուն կող­մէ չեն ե­ղած լուրջ քայ­լեր` ոս­տի­կա­նու­թեան դէմ:

Ա­զա­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ նա­խա­ձեռ­նող խում­բի ան­դամ­նե­րէն Նա­րեկ Այ­վա­զեան յայ­տա­րա­րեց.- «­Մենք կը շա­րու­նա­կենք այս­տեղ մնալ: Մենք բա­խում­նե­րու պի­տի չդի­մենք: Գի­տենք, որ մե­զի երթ թոյ­լատ­րե­լու հարց չկայ, սա­կայն գի­տենք մեր ի­րա­ւունք­նե­րը, ա­ւե­լորդ լա­րո­ւա­ծու­թիւն չյա­ռա­ջաց­նե­լու հա­մար կը շա­րու­նա­կենք մնալ Ա­զա­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ, պի­տի լուսցնենք այս­տեղ: Եւ յե­տոյ կը հա­ւաքուինք Հինգ­շաբ­թի ժա­մը 19:00ին` խա­ղաղ ցոյց ի­րա­կա­նաց­նե­լու»:

Ե­րե­ւա­նի փոխ-ոս­տի­կա­նա­պետ Վա­լե­րի Օ­սի­պեան գոր­ծիչ­նե­րուն յոր­դո­րեց 3 օր եւս յե­տաձ­գել հա­ւա­քը, դի­մել քա­ղա­քա­պե­տա­րան հա­ւա­քի կամ եր­թի հա­մար եւ ա­մէն ինչ ը­նել օ­րէն­քի նա­խա­տե­սուած կար­գով: Ցու­ցա­րար­նե­րը մեր­ժե­ցին փոխ-ոս­տի­կա­նա­պե­տին ա­ռա­ջար­կը: Ա­նոնք յայ­տա­րա­րե­ցին, որ ի­րենց յար­մար է Հինգ­շաբ­թի օ­րը, Կի­րա­կին յար­մար չէ, ո­րով­հե­տեւ հանգս­տեան օր է, եւ ցու­ցա­րար­նե­րը շատ չեն ըլ­լար:

«Ոչ մէկ ցու­ցա­րա­րի դէմ քրէա­կան գործ յա­րու­ցո­ւած Է»

Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յէն բեր­ման են­թար­կո­ւած­նե­րուն մեծ մա­սը ար­դէն ա­զատ ար­ձա­կո­ւած է, ձեր­բա­կա­լո­ւած­ներ չկան, ոչ մէկ ցու­ցա­րա­րի դէմ քրէա­կան գործ յա­րու­ցո­ւած է: Այս մա­սին լրագ­րող­նե­րուն հա­ղոր­դո­ւե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան փոխ-ոս­տի­կա­նա­պետ Յու­նան Պօ­ղո­սեա­նի կող­մէ:

«Ո­րե­ւէ շար­ժում օ­րի­նա­կա­նու­թեան դաշ­տին մէջ թոյ­լատ­րե­լի է: Բո­ղոք­ներ կան, որ բեր­ման են­թար­կե­լու ըն­թաց­քին կարգ մը ցու­ցա­րար­ներ բռնու­թեան են­թար­կո­ւած են, մենք այդ պա­րա­գա­նե­րը պի­տի ու­սում­նա­սի­րենք: Մեր ներ­կա­յու­թիւ­նը այն­տեղ ա­նոր հա­մար էր, որ հրահ­րող­նե­րու եւ սադ­րիչ­նե­րու բո­լոր գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կան­խար­գի­լէինք եւ նման ոչ մէկ բան ըլ­լար: Մեր աշ­խա­տա­կից­նե­րուն հրա­հան­գո­ւած էր ուժ չգոր­ծադ­րել»,- ը­սաւ ան: Պօ­ղո­սեան դժգո­հե­ցաւ, թէ «­Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յի եր­թե­ւե­կը վե­րա­հաս­տա­տե­լու ըն­թաց­քին, լրագ­րող­նե­րը մեծ դժո­ւա­րու­թեամբ ճամ­բայ կու տա­յին, ա­սի­կա ան­թոյ­լատ­րե­լի է»: