­Հա­յաս­տա­նի մօտ Գեր­մա­նիոյ դես­պա­նա­տան ջան­քե­րով՝ Գեր­մա­նա­կան Ար­խիւ­նե­րուն մէջ սկսած է Կո­մի­տա­սի կեան­քին վե­րա­բե­րող փաս­տա­թուղ­թե­րու յայտ­նա­բեր­ման եւ ու­սում­նա­սիր­ման աշ­խա­տան­քը: Կո­մի­տա­սի ա­նուան

Թան­գա­րան-­Հիմ­նարկն ու Հա­յաս­տա­նի մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ձեռ­նա­մուխ ե­ղած են այդ աշ­խա­տան­քին: Ու­սում­նա­սի­րու­թեան ըն­թաց­քին յայտ­նա­բե­րո­ւած եւ Հա­յաս­տան բե­րո­ւած են քա­նի մը փաս­տա­թուղ­թեր, ո­րոնք կը վե­րա­բե­րին Կո­մի­տա­սի Գեր­մա­նիա ու­սա­նե­լու շրջա­նին: Մաս­նա­գէտ­նե­րը գտնո­ւած են նաեւ Լայպ­ցի­կի Սաք­սո­նա­կան Պե­տա­կան Ար­խիւ, ուր կը պահ­պա­նո­ւին Եւ­րո­պա­յի հնա­գոյն ե­րաժըշ­տա­կան հրա­տա­րակ­չա­տան փաս­տա­թուղ­թե­րը: Կո­մի­տա­սի Թան­գա­րան-­Հիմ­նար­կի գի­տա­կան խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Մ­հեր Նա­ւո­յեան նշած է, որ կը շա­րու­նա­կո­ւին գեր­մա­նա­կան այլ ար­խիւ­նե­րու մէջ ձե­ռա­գիր­նե­րու, փաս­տա­թուղ­թե­րու ո­րո­նում­նե­րը: «­Գեր­մա­նա­կան ար­խիւ­նե­րը շատ են տու­ժել Երկ­րորդ Հա­մաշ­խար­հա­յին Պա­տե­րազ­մից, ափ­սո՜ս, որ շատ ե­րա­ժիշտ­նե­րի մա­սին ար­խի­ւա­յին փաս­տաթղ­թեր այդ տա­րի­նե­րին կո­րել են: Հ­նա­րա­ւոր է, որ կո­րել են նաեւ Կո­մի­տա­սի առն­չո­ւող փաս­տաթըղ­թեր: Այ­դու­հան­դերձ, մենք մեր գոր­ծը պար­տա­ւոր ենք ա­նել, ստու­գել հնա­րա­ւոր բո­լոր ար­խի­ւա­յին հան­գոյց­նե­րում»,- ը­սած է Մ­հեր Նա­ւո­յեան: «Իս­կա­պէս, շատ դժո­ւար աշ­խա­տանք է ոչն­չա­ցո­ւած կամ տու­ժած ար­խիւ­նե­րու մէջ 100 տա­րո­ւան հնու­թեան փաս­տա­թուղ­թեր ո­րո­նել: Այ­նո­ւա­մե­նայ­նիւ, յոյս ու­նինք, որ գեր­մա­նա­կան հե­տա­զօ­տա­կան կեդ­րոն­նե­րու հետ հա­մա­տեղ աշ­խա­տան­քը ար­դիւնք կու տայ»,- ը­սած է Հա­յաս­տա­նի մէջ Գեր­մա­նիոյ փոխ-դես­պան Նա­տիա Լիխ­թեն­պերկ: