­Նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան ըն­դու­նեց Ե­րե­ւա­նի մէջ 1-4 Յու­լի­սին կա­յա­ցող ­Հա­յաս­տա­նի 4րդ ­մի­ջազ­գա­յին բժշկա­կան հա­մա­գու­մա­րի մաս­նա­կից­նե­րուն պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը:

Ող­ջու­նե­լով հան­դիպ­ման մաս­նա­կից­նե­րը` հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը վստա­հու­թիւն յայտ­նեց, որ այս հա­մա­գու­մա­րը եւս նա­խորդ­նե­րուն նման կ­՛ա­ռանձ­նա­նայ իր ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեամբ: ­Գո­հու­նա­կու­թեամբ փաս­տե­լով, որ տա­րո­ւէ տա­րի հա­մա­գու­մա­րին մաս­նա­կից­նե­րուն թի­ւը եւ աշ­խար­հագ­րու­թիւ­նը կ­՛ըն­դար­ձա­կո­ւի, նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան ո­գե­ւո­րիչ նկա­տեց, որ սփիւռ­քի մէջ բնա­կող եւ նշա­նա­կա­լի յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րու հա­սած մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը  այ­սօր ի­րենց փոր­ձա­ռու­թիւնն ու գի­տե­լիք­նե­րը կը ներդ­նեն նաեւ հայ­րե­նի­քի ա­ռող­ջա­պա­հա­կան հա­մա­կար­գին զար­գաց­ման գոր­ծին մէջ:

­Նա­խա­գա­հը կա­րե­ւոր նկա­տեց հա­մա­գու­մա­րին պար­բե­րական կա­յա­ցու­մը, որ կա­րե­լիու­թիւն կ­՛ըն­ձե­ռէ հա­յազ­գի բժիշկ­նե­րուն` աշ­խա­տե­լու կողք-կող­քի եւ ­Հա­յաս­տան բե­րե­լու աշ­խար­հի մէջ այս մար­զի լա­ւա­գոյն եւ յա­ռա­ջա­դէմ փոր­ձը, խթա­նե­լու բժշկա­գի­տու­թիւնն ու բժշկա­կան ո­րա­կեալ կրթու­թիւ­նը` այդ­պի­սով նպաս­տե­լով ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի մէջ բնակ­չու­թեան ա­ռող­ջու­թեան պահ­պան­ման ու տրա­մադ­րո­ւող բժշկա­կան օգ­նու­թեան ո­րա­կի բա­րե­լաւ­ման:

­Հան­դիպ­ման մաս­նա­կից­նե­րը հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հին ներ­կա­յա­ցու­ցին հա­մա­գու­մա­րի  ըն­թաց­քին տե­ղի ու­նե­ցած քննար­կում­նե­րուն ար­դիւնք­նե­րը, փո­խա­դարձ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը զար­գաց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ գո­յա­ցած հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ ի­րենց մօ­տե­ցում­ներն ու ա­ռա­ջարկ­նե­րը` ­Հա­յաս­տա­նի ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան հա­մա­կար­գի այժ­մէա­կան խնդիր­նե­րուն, ա­նոնց լուծ­ման կա­րե­լի ու­ղի­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ:

Զ­րու­ցա­կից­նե­րը հա­մա­կար­ծիք ե­ղան, որ մար­զի բա­րե­փոխ­ման ուղ­ղու­թեամբ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ  տա­րո­ւէ տա­րի կ­՛ար­ձա­նագ­րո­ւին ո­րոշ տե­ղա­շար­ժեր, ա­ռան­ձին ուղ­ղու­թիւն­նե­րով նաեւ` զգա­լի յա­ռա­ջըն­թաց, սա­կայն ժա­մա­նա­կա­կից եւ  ո­րա­կեալ ա­ռող­ջա­պա­հա­կան հա­մա­կարգ ու­նե­նա­լու ճամ­բուն վրայ տա­կա­ւին ի­րա­կա­նաց­նե­լու զգա­լի աշ­խա­տանք կայ , ո­րուն  ուղ­ղու­թեամբ ­Հա­յաս­տա­նի եւ սփիւռ­քի մաս­նա­գէտ­նե­րուն նե­րու­ժի հա­մախմբու­մը  անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն է: