Հ.Հ. Գի­տու­թիւն­նե­րու Ազ­գա­յին Ա­կա­դե­միա­յի նա­խա­գա­հու­թիւ­նը հա­ւա­նու­թիւն տո­ւած է նոր ­Հայ­կա­կան Հան­րա­գի­տա­րան ստեղ­ծե­լու` «­Հայ­կա­կան Հան­րա­գի­տա­րան» հրա­տա­րակ­չու­թեան ա­ռա­ջար­կու­թեան: ­Նոր հան­րա­գի­ տա­րա­նը բաղ­կա­ցած պի­տի ըլ­լայ 10 հա­տո­րէ` թո­ւա­յին եւ  տպա­գիր տար­բե­րակ­նե­րով: ­Հան­րա­գի­տա­րան ստեղ­ծե­լու հա­մար պէտք է կազ­մա­ւո­րո­ւին հե­ղի­նակ­նե­րու մաս­նա­գի­տա­կան խում­բեր, ո­րոնք պի­տի կազ­մա­կեր­պեն յօ­դո­ւած­նե­րու պատ­րաս­տումն ու ա­նոնց հա­մա­կող­մա­նի քննար­կու­մը: ­Նոր հան­րա­գի­տա­րա­նի ստեղ­ծու­մը պի­տի ի­րա­կա­նա­ցո­ւի 2016-2026 թո­ւա­կան­նե­րուն: Հ.Հ. Գ.Ա.Ա. նա­խա­գա­հու­թիւ­նը մտա­դիր է դի­մե­լու Հ.Հ. կա­ռա­վա­րու­թեան` ­Հայ­կա­կան Հան­րա­գի­տա­րա­նի հրա­տա­րա­կու­թեա­ն ի­րա­կա­նացմա­ն օգտին հա­մա­պա­տաս­խան մի­ջոց­ներ յատ­կացնե­լու հա­մար: Այս մա­սին կը յայտ­նեն Հ.Հ. Գ.Ա.Ա.էն եւ կը յի­շեցնեն, որ 1974-1987 թո­ւա­կան­նե­րուն հրա­տա­րա­կո­ւած է 12+1 հա­տոր ­Հայ­կա­կան Սո­վե­տա­կան Հան­րա­գի­տա­րա­նը, ո­րուն պատ­րաս­տումն ու հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը լուրջ ձեռք­բե­րում էր հայ մշա­կոյ­թի եւ գրահ­րա­տա­րակ­չու­թեան պատ­մու­թեան մէջ: Ըն­դունուած հան­րա­գի­տա­րա­նա­յին սկզբունք­նե­րով ա­ռա­ջին ան­գամ մշա­կո­ւած, ամ­փո­փո­ւած եւ ներ­կա­յա­ցո­ւած են հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան, ա­րո­ւես­տի, մշա­կոյ­թի, հա­սա­րա­կա­կան-քա­ղա­քա­կան կեան­քի, տնտե­սու­թեան, մարմ­նա­մար­զու­թեան, ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան եւ միւս ո­լորտ­նե­րու կա­րե­ւո­րա­գոյն ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը: