Յունիս 27ին, «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը հանդիսաւորութեամբ բացաւ Քարին Տակ գիւղի Լ.Ղ.Հ. Շուշիի շրջանի նորակառոյց համայնքային կեդրոնը, որ կեանքի կոչուեցաւ Հիմնադրամի Արժանթինի տեղական
մարմնոյ հովանաւորներ Տէվէճեան ընտանիքի, Էքսերճիեան ընտանիքի, Քիրքոր Շիմշիրօղլուի եւ Լ.Ղ.Հ. կառավարութեան համաֆինանսաւորմամբ:
Համայնքին համար նշանակալից օրուան առանձնակի ջերմութիւն հաղորդած էր արժանթինահայ բարերարներ Նշան Տէվէճեանի, Քիրքոր Շիմշիրօղլուի եւ Պօղոս Էքսերճիեանի ներկայութիւնը, որոնք հայրենիք ժամանած էին մասնակցելու իրենց հովանաւորած ծրագրերու բացումներուն:
Երկ-յարկանի ժամանակակից կառոյցը կը զարդարէ գիւղին մուտքը:
Համալիր այս կեդրոնին մէջ այսուհետեւ պիտի տեղակայուին գիւղի բուժկէտը, գիւղապետարանը, իսկ գրադարանի, համակարգչային սենեակի եւ հանդիսութիւններու դահլիճի առկայութիւնը գիւղին մէջ նոր որակ պիտի հաղորդէ համայնքի կեանքին: Հայաստանի եւ Արցախի գիւղերուն մէջ գործող այսօրինակ համայնքային կեդրոնները՝ մէկ տանիքի տակ մէկտեղելով կարեւորագոյն ենթակառուցուածքները, կ’օգնեն աւելի արդիւնաւէտ կազմակերպելու համայնքի կենցաղը եւ լուծելու շատ հարցեր:
2014ին արժանթինահայ բարերարներու միջոցներով նորոգուած է գիւղի դպրոցի մարզադահլիճը: Համայնքային կեդրոնի բացման առիթով ալ դպրոցականները գեղեցիկ սպորտային համազգեստներ ստացան Տէվէճեան ընտանիքի կողմէ:
Աւելի քան 660 բնակիչ ունեցող Քարին Տակը՝ շնորհիւ Հիմնադրամի, այսօր ունի նաեւ շուրջօրեայ ջրամատակարարում, որ ներքին ցանցով հասանելի է համայնքի 160 տնտեսութիւններուն: Քարին-Տակցիներու հիմնական զբաղմունքը հողագործութիւնն ու անասնապահութիւնն է, բնակիչներու մէկ մասն ալ կ’աշխատի Շուշի քաղաքին մէջ, որ կը գտնուի գիւղէն վեց քմ. հեռաւորութեան վրայ:
Քարին Տակ յայտնի է իր հերոսամարտով, որու ընթացքին գիւղացիները 1992ին յամառօրէն դիմադրելով ատրպէյճանական զինեալներու յարձակման՝ հերոսաբար ետ մղեցին թշնամին եւ ազատագրեցին հայրենի գիւղը, որ գիւղապետ Մխիթար Առուշանեանի խօսքով՝ այն ժամանակ միակ հայկական գիւղն էր Շուշիի շրջանին մէջ: