­Հա­յաս­տա­­նի ա­ռաջ­նա­­կարգ ե­րա­ժիշտ­նե­րու կար­գին կը դա­սո­ւի ճա­զի ծա­նօթ դաշ­նա­­կա­հար Տիգ­րան Հա­մա­սեան։ Ան վեր­ջերս ձեռ­նար­կած է հիւ­րա­­հա­մերգ­նե­րու ծրագ­րի մը, որ ու­նի նաեւ ուխ­տագ­նա­­ցու­թեան բնոյթ։ Հա­մա­սեան ո­րո­շած է աշ­խար­հի վրայ հա­րիւր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու կա­մար­նե­­րու ներ­քեւ հնչեց­նել Կո­մի­տա­սեան մե­ղե­դի­նե­րը եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մա­­կան տա­ղե­րը։ Ն­ման հե­ռա­պատ­կե­­րով Թուր­քիա այ­ցե­­լող Հա­մա­սեան այդ ուխ­տի շրջագը­ծով շատ մը հա­մերգ­ներ սար­քեց պատ­մա­­կան Հա­յաս­տա­­նի քա­ղաք­նե­­րուն մէջ։ Այս­պէս, ան այ­ցե­­լեց Կարս եւ Վան։ Ան­շուշտ որ խիստ յու­զա­­կան էր Ա­նիի ա­ւե­րակ­նե­­րուն մօտ Հա­յաս­տա­­նեան այս խում­բի կա­տա­րում­նե­րը։ Ինչ­պէս որ պի­տի ը­սէր բա­նաս­տեղ­ծը՝ «­Տես­նեմ Ա­նին ու նոր մեռ­նիմ» թե­րեւս շա­տե­րու հա­մար այժմ կա­րե­լի է ե­րա­զել «Լ­սեմ Ա­նին ու նոր մեռ­նեմ»։ Այս­պէս Ա­նիէն ետք, Հա­մա­սեան եւ ի­րեն ըն­կե­­րակ­ցող Հա­յաս­տա­­նի Սե­նե­կա­յին երգ­չա­խում­բը հա­մերգ մըն ալ ու­նե­­ցան Վա­նի Ախ­թա­­մար կղզիի Սուրբ Խաչ Ե­կե­ղեց­ւոյ կա­մար­նե­­րուն տակ։ Հիւ­րա­­հա­մերգ­նե­րը շա­րու­նա­­կո­ւե­ցան Տիգ­րա­նա­կեր­տի, Կե­սա­րիոյ, Վա­քըֆ­գիւ­ղի եւ Պոլ­սոյ մէջ։ Ընդ­հա­նուր առ­մամբ «­Լոյս ի լու­սոյ» խո­րագ­րով ներ­կա­­յա­ցո­ւած նա­խա­գի­ծը ա­ւե­լի ետք իր եր­թը պի­տի շա­րու­նա­­կէ Եւ­րո­­պա­յի, Ա­սիոյ եւ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի զա­նա­զան քա­ղաք­նե­­րու մէջ եւս։

Կ­՚ար­ժէ նշել, որ հա­մերգ­նե­րը տար­բեր քա­ղաք­նե­­րու մէջ տար­բեր տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րու տե­ղի կու տան։ Այս­պէս, երբ Վա­նի մէջ Հա­մա­սեա­նի ծրա­գի­րը կ­՚ող­ջու­նո­ւէր տեղ­ւոյն քա­ղա­քա­կան իշ­խա­­նու­թիւն­նե­րուն կող­մէ, այ­լուր ա­նոնց պաշ­տօ­­նա­կից­նե­­րը չէին վա­րա­ներ ի­րենց դժգո­հու­թիւ­նը ար­տա­­յայ­տե­­լու այդ նոյն մի­ջո­ցա­ռում­նե­րու մա­սին։ Սա­կայն այդ բո­լո­րը նշա­նա­կու­թիւն ալ չու­նին, քա­նի որ Հա­մա­սեա­նի մտա­հո­գու­թիւ­նը այս պա­հուն ալ ո­րե­ւէ մէ­կուն գո­հու­նա­կու­թեան հետ կապ չու­նի։ Ան ճշդած է իր ու­ղին եւ կը յա­ռա­ջա­նայ հե­տապն­դե­լով ո­րոշ նպա­տակ։

«Agos»