­Նա­խորդ տա­րո­ւան տո­ւեալ­նե­րով՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ իր սպա­ռած ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան միայն 22 տո­կո­սը գնած է «­Հա­յաս­տա­նի Ե­լեկտ­րա­կան Ցան­ցեր» ըն­կե­րու­թե­նէն, իսկ 78 տո­կո­սը ար­տադ­րած են Ղա­րա­բա­ղի մէջ գոր­ծող ջրե­լեկտ­րա­կա­յան­նե­րը:

Ար­տադ­րա­կան են­թա­կա­ռու­ցո­ւածք­նե­րու նա­խա­րա­րու­թե­նէն «Ա­զա­տու­թեան» փո­խան­ցած են, որ Ղա­րա­բա­ղի մէջ գոր­ծող ու շու­տով շա­հարկ­ ման յանձ­նո­ւե­լիք 17 ջրե­լեկտ­րա­կա­յան­նե­րէն միայն վե­ցը կը պատ­կա­նին «Ար­ցախ Հ.Է.Կ.» բաց բաժ­նե­տի­րա­կան ըն­կե­րու­թեան, ուր բաժ­նե­մա­սե­րուն 47 տո­կո­սը կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կը ղե­կա­վա­րէ:

Ղա­րա­բա­ղի մէջ ամ­բող­ջա­կան ինք­նա­բա­ւու­թեան հաս­նե­լու ու նոյ­նիսկ հե­տա­գա­յին ե­լեկտ­րա­կա­նու­թիւն ար­տա­ծե­լու ուղ­ղու­թեամբ յա­ւակ­նու­թիւն­ներ կան: Եր­կու տա­րի ա­ռաջ նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեան յայ­տա­րա­րած էր, որ Ղա­րա­բաղ ե­լեկտ­րա­կա­նու­թիւն ար­տա­ծող եր­կիր պի­տի դառ­նայ: Ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան պե­տա­կան կա­ռա­վար­ման բա­ժի­նի պետ Հայկ Ա­ւե­տի­սեան, «Ա­զա­տու­թեան» հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցի ըն­թաց­քին, յայտ­նած է, որ ա­ռաջ­նա­հերթ է Ղա­րա­բա­ղին լիար­ժէք ինք­նա­բա­ւու­թիւն ա­պա­հո­վե­լը:

«Է­նե­րե­գե­տի­կա­յի մա­սին օ­րէն­քում գրո­ւած է՝ մին­չեւ մեզ չա­պա­հո­վենք Ղա­րա­բա­ղում, ի­րա­ւունք չկայ վա­ճա­ռե­լու: 100 տո­կո­սով մեզ ա­պա­հո­վենք, էդ ժա­մա­նակ կա­րող ենք ար­տա­հա­նել Հա­յաս­տան ու Ի­րան»,¬ ը­սած է Ա­ւե­տի­սեան:

Վեր­ջերս վար­չա­պետ Ա­րա Յա­րու­թիւ­նեան յայ­տա­րա­րած էր, որ մին­չեւ 2017 թո­ւա­կան, այժ­մու կա­ռա­վա­րու­թեան գոր­ծու­նէու­թեան շրջա­նի ա­ւար­տը, ղա­րա­բաղ­ցի­նե­րը ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան հա­մար պի­տի վճա­րեն միեւ­նոյն՝ 25 դրա­մը: Կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը հա­տու­ցած է գի­նի հա­ւա­նա­կան փո­փո­խու­թիւ­նը:

«Բ­նակ­չու­թիւ­նը վճա­րե­լու է նոյն սա­կա­գի­նը, ինչ­քան էլ բարձ­րա­նայ, այդ ծրա­գի­րը մին­չեւ 2017 թո­ւա­կա­նը գոր­ծե­լու է: 2017 թո­ւա­կա­նից յե­տոյ նոր իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կ­՛ո­րո­շեն: Մեր եր­կի­րը նա­խա­գա­հա­կան եր­կիր է եւ մեր իշ­խա­նու­թիւ­նը ձե­ւա­ւոր­ւում է նա­խա­գա­հի ղե­կա­վա­րու­թեամբ, դրա հա­մար մին­չեւ 2017 թո­ւա­կա­նը մեր բնա­կիչ­նե­րը վճա­րե­լու են նոյն սա­կա­գի­նը»,¬ յայ­տա­րա­րած է Յա­րու­թիւ­նեան:

Պա­տաս­խա­նե­լով այն հար­ցու­մին, թէ ին­չո՞ւ Ղա­րա­բա­ղի մէջ եւս ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան սա­կը կը բարձ­րա­նայ, երբ 78 տո­կոս ինք­նա­բա­ւու­թիւն կայ, վար­չա­պե­տը ը­սած է, թէ ջրե­լեկտ­րա­կա­յան­նե­րու կա­ռուց­ման հա­մար ներդ­րում­ներ կա­տա­րող­նե­րը ար­տա­սահ­մա­նեան ըն­կե­րու­թիւն­ներ են, ո­րոնք նա­խա­պայ­ման դրած են եւ պի­տի աշ­խա­տին Հա­յաս­տա­նի մէջ գոր­ծող սա­կե­րով:

«­Բազ­մա­թիւ ան­գամ քննա­դա­տու­թիւն­նե­րի ենք ար­ժա­նա­ցել, որ այս­քան Հ.Է.Կ.եր են կա­ռու­ցում, բա ո՞նց ա, որ է­լի թան­կա­նում է: Այդ Հ.Է.Կ.ե­րը կա­ռուց­ւում են օ­տա­րերկ­րեայ ներդ­րող­նե­րի հա­շո­ւին: Նախ­նա­կան մին­չեւ 70-80 մի­լիոն տո­լա­րի ներդ­րում­ներ է կա­տա­րո­ւել ու այդ ներդ­րում­նե­րի 95 կամ 98 տո­կո­սը օ­տա­րերկ­րեայ ներդ­րում­ներ են, եւ այդ մար­դիկ պա­հան­ջում են՝ գո­նէ Հա­յաս­տա­նի սա­կագ­նե­րը ա­պա­հո­վել: Ռիս­կա­յին գոր­ծօն­նե­րը մի կողմ են դնում, ան­տե­սում են, բայց ա­սում են՝ ե­թէ մենք այդ ներդ­րու­մը պէտք է կա­տա­րենք Ար­ցա­խում, ա­պա նոյն սա­կա­գի­նը տո­ւէք, ե­թէ ա­ւե­լի ցածր էք տա­լու, ա­պա ին­չու պէտք է ընտ­րենք Ար­ցա­խը», ը­սած է վար­չա­պե­տը:

Այս տա­րի նա­խա­տե­սո­ւած է գոր­ծարկ­ման յանձ­նել քա­նի մը նոր փոքր ջրե­լեկտ­րա­կա­յան­ներ։ Ղա­րա­բա­ղի մէջ յոյս ու­նին, որ տա­րե­վեր­ջին ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան ար­տադ­րու­թեան ինք­նա­բա­ւու­թիւ­նը ա­ւե­լի բարձր տո­կո­սի հաս­նի։