altՄիա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճան Քե­րի՝ ներ­կա­յաց­նե­լով 2014 թո­ւա­կա­նի «­Մար­դու Ի­րա­ւունք­նե­րու Պաշտ­պա­նու­թեան» տա­րե­կան զե­կոյ­ցը, յայ­տա­րա­րած է, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ մար­դու ի­րա­ւունք­նե­ րու պաշտ­պա­նու­թեան ի­մաս­տով 2014 թո­ւա­կա­նի մե­ծա­գոյն խնդի­րը ե­ղած է այն, որ փտա­ծու­թիւ­նը կա­նո­նա­ւո­րա­բար շա­րու­նա­կո­ւած է ու կա­ռա­վա­րու­թեան մէջ առ­կայ ե­ղած է թա­փան­ցի­կու­թեան պա­կա­սը, ար­ձա­նագ­րո­ւած է ար­դա­րա­դա­տու­թեան հա­մա­կար­գի սահ­մա­նա­փակ ան­կա­խու­թեան եւ ի­րենց կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը փո­խե­լու քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն ըն­ձե­ռո­ւած կա­րե­լիու­թեան պա­կա­սը:

Ըստ ա­նոր՝ «­Գոր­ծա­դիր ճիւ­ղը Հա­յաս­տա­նի մէջ կը շա­րու­նա­կէ քա­ղա­քա­կան ճնշում­նե­րու տակ պա­հել դա­տա­րան­նե­րը: 2014 թո­ւա­կա­նին նկա­տե­լի ե­ղած է բա­նա­կին մէջ ոչ¬մար­տա­կան պայ­ման­նե­րու մէջ ար­ձա­նագ­րո­ւած կաս­կա­ծե­լի մա­հե­րը, ինչ­պէս նաեւ նո­րա­կո­չիկ­նե­րու նկատ­մամբ բռնու­թիւն­նե­րուն թի­ւը»։

Զե­կոյ­ցը նաեւ փաս­տած է, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը խոս­տո­վա­նու­թիւն­ներ ստա­նա­լու նպա­տա­կով կը շա­րու­նա­կէ հար­ցաքն­նու­թեանց ըն­թաց­քին ծե­ծի գոր­ծա­ծու­թիւ­նը: Իսկ իշ­խա­նու­թիւ­նը ո­րե­ւէ մէ­կուն պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան չէ են­թար­կած 2008 թո­ւա­կա­նի նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րէն ետք՝ Մարտ 1ի խռո­վու­թեանց ըն­թաց­քին, 8 քա­ղա­քա­ցի­նե­րու եւ եր­կու ոս­տի­կան­նե­րու սպա­նու­թեան հա­մար:

Հա­կա­ռակ ա­նոր որ Հա­յաս­տա­նի օ­րէնք­նե­րը կը ճանչ­նան ան­մե­ղու­թեան վար­կա­ծը, սա­կայն, ըստ զե­կոյ­ցին, իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը այդ օ­րէն­քը չեն յար­գեր:

Հա­յաս­տա­նի մէջ մեծ թի­ւով ան­ձեր կրցած են քննա­դա­տել կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը: Սա­կայն, Քե­րիի զե­կոյ­ցին մէջ նշո­ւած է, որ 2014 թո­ւակ­նի Նո­յեմ­բե­րի ա­ւար­տին ու Դեկ­տեմ­բե­րին տե­ղի ու­նե­ցած են յար­ձա­կում­ներ ընդ­դէմ քա­ղա­քա­կան ու քա­ղա­քա­ցիա­կան գոր­ծիչ­նե­րու, ո­րոնց կար­գին՝ խորհր­դա­րա­նի ընդ­դի­մա­դիր ան­դա­մի:

Զե­կոյ­ցը նաեւ կը յի­շեց­նէ Հ.Հ. նա­խա­գա­հին դէմ ո­րե­ւէ ձե­ւով խօ­սող­նե­րուն «ա­կանջ­նե­րը կտրե­լու» մա­սին փոխ¬ոս­տի­կա­նա­պե­տին սպառ­նա­լի­քը:

Մամ­լոյ ա­զա­տու­թեան ա­ռու­մով, Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան տա­րե­կան զե­կոյ­ցին մէջ նշո­ւած է, որ ի հա­կադ­րու­թիւն հա­մա­ցան­ցա­յին պար­բե­րա­կան­նե­րուն, Հա­յաս­տա­նի մէջ տպա­գիր ու ձայ­նաս­փիւ­ռի–­պատ­կե­րաս­փիւ­ռի կա­յան­նե­րը հիմ­նա­կա­նօ­րէն զրկո­ւած են քա­ղա­քա­կան տար­բեր կար­ծիք­ներ ար­տա­յայ­տե­լու կա­րե­լիու­թե­նէ­ն։