Ազգային Ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան, «Երկիր»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին, խօսելով Բաղրամեան փողոցին մէջ արդէն երրորդ օրը ըլլալով շարունակուող բողոքի ցոյցին մասին, նշեց.-
«Առաջին օրուան իրադարձութիւնները նկատի ունենալով` Երեքշաբթի խումբ մը պատգամաւորներու, մտաւորականներու, դերասաններու, երգիչներու եւ հանրածանօթ անձնաւորութիւններու նախաձեռնութեամբ՝ որոշուեցաւ ներկայ ըլլալ Բաղրամեան պողոտային վրայ եւ, իբրեւ մարդկային պատ, կանգնիլ ցուցարարներուն եւ ոստիկաններուն միջեւ` փորձելով կանխել հաւանական առճակատումը:
«Գիշերը ժամը 1:00էն մինչեւ առաւօտեան 10:00ը այնտեղ եղանք: Փառք Աստուծոյ, երկու կողմէն ալ ոչ մէկ սադրանք կամ այլ տիպի գործողութիւններ եղան` դրսեւորելով զսպուածութիւն: Առաւօտեան, երբ ամէն ինչ շատ աւելի հանդարտ էր եւ ցուցարարներուն թիւը զգալօրէն նուազած էր, ակնյայտ էր, որ արդէն սպառնալիք չկար, ատկէ ետք մենք գացինք Բաղրամեան պողոտայէն:
«Ակնյայտ է, որ կայ երիտասարդ, գիտակից, իրենց իրաւունքներուն, իրենց երկրին տէր զգացող քաղաքացիներու բազմութիւն մը, որ կը փորձէ իր իրաւունքներուն տիրանալ: Կը կարծեմ, որ երկու կողմերն ալ` ե՛ւ ցուցարարները, ե՛ւ իշխանութիւնը, կը կարենան միջանկեալ լուծումով մը ելք գտնել իրավիճակէն: Յստակ է նաեւ, որ առճակատումը, բախումը կամ բռնութիւնները ձեռնտու չեն նախ եւ առաջ մեր երկրին եւ պետականութեան»:
Հարցումին, թէ ինչպիսի՞ն է, իր կարծիքով, այդ միջանկեալ լուծումը, Աղուան Վարդանեան պատասխանեց.- «Ես հիմա չէի փորձեր երկու կողմերու դերակատարութեան մէջ մտնել, որովհետեւ մեր Երեքշաբթի օրուան առաքելութիւնը ոչ թէ որեւէ կողմ ներկայացնելն էր, այլ վատ հետեւանքներ թոյլ չտալը»: