Ազատութեան Հրապարակին վրայ նստացոյցով սկսած ու Բաղրամեանի վրայ ժողովրդային ցոյցով շարունակուող «Ո՛չ թալանին» բողոքի շարժումը օրէ օր թափ կը ստանայ:
Չորեքշաբթի՝ Յունիս 24ի երեկոյեան, Բաղրամեան պողոտային վրայ ցուցարարներու թիւը ակնյայտօրէն աճած էր: Ոստիկանութեան պա տասխանատուներէն Վալերի Օսիպեան ցոյցը ղեկավարողներուն փոխանցեց, թէ հակառակ անոր, որ իր տեսանկիւնէն ժողովուրդին հաւաքը այդ վայրին մէջ անօրինական է, ոստիկանները պիտի չփորձեն միջամտել:«Ո՛չ թալանին» նախաձեռնողներն ալ յայտարարեցին, որ ցոյցին միացած են Չարենցաւանէն ինքնաշարժներու երթով Երեւան հասած մարդիկ:
Ցոյցին միացած են նաեւ փոխադրակառքերով Երեւան հասած հրազդանցիներ: Յայտարարուեցաւ նաեւ, որ զօրակցական ցոյցեր եւ նստացոյցեր տեղի կ՛ունենան Գիւմրիի, Սպիտակի, Վանաձորի, Աշտարակի եւ Սիսիանի մէջ եւս:
Նշենք, որ ցուցարարները նախորդ գիշեր մերժած էին նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպելու առաջարկը: Նախագահ Սարգսեան այժմ աշխատանքային այցով կը գտնուի Պրիւքսէլ:
Նստացոյցի նախաձեռնողներուն կարծիքով՝ իշխանութիւնները մէկ ճանապարհ ունին.- Չեղեալ յայտարարել ելեկտրականութեան սակերու թանկացման որոշումը:
Նախորդ գիշեր ցոյցին միացած եւ ոստիկանութեան ու ցուցարարներու միջեւ մարդկային պատնէշի դեր ստանձնած են Ազգային Ժողովի պատգամաւորներ, ինչպէս նաեւ արուեստագէտներ:
«Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութեան անդամ Վաղինակ Շուշանեան «Ազատութեան» թղթակիցին յայտնած է, որ ցոյցը «Մէյտան»ի պիտի չվերածեն:
Ցուցարարները անցորդներուն ցրուած են դեղին թուղթի վրայ գրուած թռուցիկներ, ուր կոչ ուղղած են Հայաստանի բոլոր բնակիչներուն՝ ամէն օր ժամը 21։00էն մինչեւ 22։00 անջատել իրենց բնակարաններուն բոլոր լոյսերը, եկտրականութեամբ աշխատող բոլոր համակարգերը: