Ե­րե­ւա­նի Ա­զա­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ 24 ­Յու­նի­սի ե­րե­կո­յեան սկսաւ ե­լեկտ­րա­կան հո­սան­քի սա­կի բարձ­րաց­ման կա­սե­ցու­մը պա­հան­ջող «Ո՛չ թա­լա­նին» քա­ղա­քա­ցիա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թեան ի­րա­զեկ­ման

եր­թը, ո­րուն մաս­նա­կից­նե­րը ­Հիւ­սի­սա­յին պո­ղո­տա­յով, ­Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րա­կով, Ա­մի­րեան փո­ղո­ցով եւ ­Մաշ­տո­ցի պո­ղո­տա­յով՝ հա­սան ­Բաղ­րա­մեան, ուր միա­ցան նստա­ցոյց ը­նող բազ­մա­թիւ քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն:

­Ցոյ­ցը ա­ռաջ­նոր­դող գոր­ծիչ­նե­րը նաեւ կոչ ուղ­ղե­ցին քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­գուս­տով ցոյ­ցին թա­փան­ցած ոս­տի­կան­նե­րուն՝ հե­ռա­նա­լու ցու­ցա­րար­նե­րու շար­քե­րէն ու սադ­րանք­ներ չը­նե­լու: Խնդ­րոյ ա­ռար­կայ ոս­տի­կան­նե­րուն լու­սան­կար­նե­րը տա­րա­ծո­ւե­ցան ցու­ցա­րար­նե­րուն, որ­պէս­զի վեր­ջին­ներս զգօն ըլ­լան:

­Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յին վրայ ցու­ցա­րար­նե­րը հո­վա­նոց­ներ տե­ղադ­րե­ցին: Ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը չա­ռար­կեց 5-6 հո­վա­նո­ցի տե­ղադր­ման: Ոս­տի­կա­նա­կան պատ­նէշն ալ ետ քա­շո­ւե­ցաւ. ոս­տի­կան­նե­րու փո­խա­րէն ­Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յի վրայ ճա­ղէ վան­դակ­ներ տե­ղադ­րո­ւե­ցան: ­Ցու­ցա­րար­նե­րը նաեւ ժա­պա­ւէն­նե­րով ա­զատ տա­րա­ծու­թիւն ձգե­ցին պո­ղո­տա­յի կեդ­րոն բե­րո­ւած աղ­բա­ման­նե­րուն եւ հա­ւա­քի մաս­նա­կից­նե­րուն մի­ջեւ: ­Նախ՝ ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը մտա­վա­խու­թիւն ու­նէր, որ աղ­բա­ման­նե­րուն մէջ կրնան պա­հուած ըլ­լալ պար­կե­րով քա­րեր, բայց ստու­գում­նե­րը ցոյց տո­ւին, որ աղ­բա­ման­նե­րուն մէջ միայն շի­նա­րա­րա­կան աղբ է: Երկ­րորդ՝ աղ­բա­ման­նե­րուն հո­տը կի­զիչ ա­րե­ւի տակ կը տա­րա­ծո­ւի:

Ի­րա­վի­ճա­կը հան­դարտ էր, հա­ւա­քո­ւած­նե­րուն սնունդ ու ջուր բե­րին:

­Պո­ղո­տա­յին վրայ Ե­րեք­շաբ­թի ամ­բողջ գի­շե­րը ներ­կայ ե­ղան հո­գե­ւո­րա­կան­ներ, ա­նոնք զրու­ցե­ցին ցու­ցա­րար­նե­րուն հետ` հան­դար­տու­թեան կոչ ուղ­ղե­ցին:

«Ինչ­պէս պատ­մու­թեան տար­բեր ժա­մա­նա­կաշր­ջան­նե­րուն, այն­պէս ալ ներ­կա­յիս ե­կե­ղե­ցին ժո­ղո­վուր­դի կող­քին է: ­Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յին վրայ ենք՝ խա­ղա­ղու­թեան կո­չով: Ե­թէ մար­դիկ ի­րենց ա­զատ կամ­քով այս­տեղ են պաշտ­պա­նե­լու հա­մար ի­րենց շա­հե­րը, մենք ա­նոնց կող­քին ենք»,- «Ար­մէնփ­րես»ի հետ զրոյ­ցի մը ըն­թաց­քին ը­սաւ ­Մայր Ա­թոռ Ս. Էջ­միած­նի ­Հա­յե­ցա­կար­գա­յին ­Հար­ցե­րու Գ­րա­սե­նեա­կի ան­դամ ­Դա­ւիթ Սրկ. ­Մով­սի­սեան: Ա­նոր խօս­քով` վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ա­ռա­ջին ան­գամն է, որ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը կը մաս­նակ­ցին նման ցոյ­ցե­րու: Ն­պա­տա­կը մէկ է` հայ ե­կե­ղե­ցին ու քրիս­տո­նէու­թիւ­նը ընդ­հան­րա­պէս դէմ են բռնու­թեան:

Ինք­նա­շարժ­նե­րով երթ

­

Մաշ­տո­ցի պո­ղո­տա­յին մէջ ինք­նա­շարժ­նե­րու մեծ երթ տե­ղի ու­նե­ցաւ: Ինք­նա­շարժ­նե­րը, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դրօշ­նե­րը ծա­ծա­նե­լով, ազ­դան­շան­ներ տա­լով ան­ցան պո­ղո­տա­յէն` եր­թե­ւե­կը ան­դա­մա­լու­ծե­լով: ­Ճամ­բու ոս­տի­կան­նե­րը փոր­ձե­ցին կա­նո­նա­ւո­րել ի­րա­վի­ճա­կը:

­Վար­դան ­Պետ­րո­սեան հա­ցա­դուլ յայ­տա­րա­րեց

­

Դե­րա­սան ­Վար­դան ­Պետ­րո­սեա­նի հա­րա­զատ­նե­րը «­Հետք»ին յայտ­նած են, որ ­Չո­րեք­շաբ­թի՝ ­Յու­նիս 24ի կէ­սօ­րո­ւան ժա­մը 12:00էն սկսեալ, «­Նու­պա­րա­շէն» բան­տին մէջ գտնո­ւող դե­րա­սան ­Վար­դան ­Պետ­րո­սեան յայ­տա­րա­րած է հա­ցա­դուլ` ի զօ­րակ­ցու­թիւն «Ո՛չ թա­լա­նին» նա­խա­ձեռ­նու­թեան եւ ­Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յին վրայ նստա­ցոյ­ցի մաս­նա­կից­նե­րուն: «Ես ֆի­զի­քա­պէս այդ­տեղ չեմ, բայց այս­պէս կրնամ իմ զօ­րակ­ցու­թիւնս յայտ­նել բո­ղո­քի բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րուն»,- ը­սած է ­Վար­դան ­Պետ­րո­սեան:

Ա­րա ­Գէոր­գեան ժո­ղո­վուր­դի կող­քին է

Ե­րա­ժիշտ Ա­րա ­Գէոր­գեան, «Եր­կիր» կայ­քին հետ տե­ղի ու­նե­ցած զրոյ­ցի մը ըն­թաց­քին, յայտ­նած է, որ ե­կած է սա­տա­րե­լու ժո­ղո­վուր­դին:

Ան տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ վրդո­ված է, ո­րով­հե­տեւ լու­րեր տա­րա­ծո­ւած էին, թէ ինք չ­’ա­ջակ­ցիր ժո­ղո­վուր­դին, մինչ­դեռ ինք միշտ ժո­ղո­վուր­դի կող­քին կը կանգ­նի:

­Բաղ­րա­մեա­նը կրկին մար­դա­շատ է

Ե­րե­ւա­նի ­Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յին մէջ ցու­ցա­րար­նե­րուն թի­ւը ­Յու­նիս 25ի ե­րե­կո­յեան կրկին բազ­մա­ցաւ: ­Տեղ­ւոյն վրայ գտնո­ւող­նե­րուն միա­ցան Ա­զա­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ հա­ւա­քո­ւած­նե­րը, ո­րոնք Ե­րե­ւա­նի տար­բեր փո­ղոց­նե­րուն մէջ կ­՛ի­րա­զե­կէին քա­ղա­քա­ցի­նե­րը եւ թռու­ցիկ­ներ կը բաժ­նէին: «Ո՛չ թա­լա­նին» նա­խա­ձեռ­նու­թեան ան­դամ­նե­րը պար­բե­րա­բար կը կրկնէին ի­րենց պա­հան­ջը` չե­ղեալ նկա­տել հո­սան­քի թան­կաց­ման վե­րա­բե­րեալ ո­րո­շու­մը եւ վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կել սա­կը` ա­տի­կա նո­ւա­զեց­նե­լու նպա­տա­կով: «­Մենք ոչ մէկ քա­ղա­քա­կան պա­հանջ ու­նինք, մեր պա­հան­ջը ժո­ղո­վուր­դին ըն­կե­րա­յին բե­ռի թե­թե­ւա­ցումն է»,- յայ­տա­րա­րե­ցին նա­խա­ձեռ­նու­թեան ան­դամ­նե­րը: ­Նա­խա­ձեռ­նու­թեան ան­դամ­նե­րը նաեւ յայ­տա­րա­րե­ցին, որ կը պա­հան­ջեն ա­զատ ար­ձա­կել ի­րենց ըն­կեր­նե­րէն մէ­կը` ­Տիգ­րան ­Մա­տո­յեա­նը, որ նոյն օ­րը ձեր­բա­կա­լո­ւած էր ոս­տի­կա­նու­թեան կող­մէ, երբ կը փոր­ձէր աղ­բարկղ մը տե­ղա­փո­խել ­Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տայ: