Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը մտահոգութիւն յայտնած է 23 Յունիսի առաւօտեան ցուցարարները ցրուելու ընթացքին ոստիկանութեան կողմէ բանեցուած անհամաչափ ուժին, ինչպէս նաեւ ոս
տիկանութեան կեդրոնին մէջ գործադրուած բռնութիւններուն մասին հաղորդումներուն առնչութեամբ: Այս մասին յայտարարութիւն հրապարակած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը։
«Յունիս 22ի երեկոյեան ելեկտրականութեան սակի ծրագրուած թանկացման դէմ բողոքող ցուցարարներուն եւ ոստիկաններուն պատասխանատու ու ընդհանուր առմամբ յարգալից վերաբերմունքը քաջալերող էր: Խօսքի ու հանրահաւաքներու ազատութիւնը ժողովըրդավարութեան հիմնարար իրաւունքներ են եւ մեզի համար ուրախալի էր տեսնել, որ երկու կողմերն ալ կը գործէին յարգելով այս իրաւունքներն ու զերծ մնալով լարուածութեան սրումէն: Սակայն մենք մտահոգուած ենք 23 Յունիսի առաւօտեան ցուցարարները ցրուելու ընթացքին ոստիկանութեան կողմէ կիրարկուած անհամաչափ ուժին, ինչպէս նաեւ ոստիկանութեան բաժանմունքներուն մէջ տեղ գտած բռնութիւններուն մասին հաղորդումներով: Հրամայական է, որ կառավարութիւնը Հայաստանի օրէնսդրութեան ծիրին մէջ ոստիկանութեան կողմէ անհամաչափ ուժի կիրառման մասին հաղորդումներու ամբողջական ու թափանցիկ քննութիւն կատարէ»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: