Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին Ա­կա­դե­միա­յի կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած է հայ դրա­մա­գէտ Խա­չա­տուր Մու­շե­ղեա­նի նո­ւի­րո­ւած գի­տա­ժո­ղով մը: Ա­կա­դե­միա­յի Պատ­մու­թեան հիմ­նար­կի տնօ­րէն Ա­շոտ Մել­քո­նեան, բնո­րո­շե­լով

հայ դրա­մա­գի­տու­թեան ան­ցած ճամ­բան, ը­սած է.- «Դ­րա­մա­գի­տու­թեան ո­լոր­տում հայ ժո­ղո­վուրդն ու­նե­ցել է մե­ծա­նուն գիտ­նա­կան­ներ, իսկ մեր եր­կիրն աշ­խար­հում յայտ­նի դրա­մա­գի­տա­կան կենտ­րոն­նե­րից է»: Ա­ռա­ջին ան­գամն է, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ կը կազ­մա­կեր­պո­ւի նման գի­տա­ժո­ղով: Ա­նոր մաս­նակ­ցած են Մեծն Բ­րի­տա­նիա­յէն, Ռու­սաս­տա­նէն, Վ­րաս­տա­նէն հրա­ւի­րո­ւած գիտ­նա­կան­ներ:  Խա­չա­տուր Մու­շե­ղեան ու­սում­նա­սի­րած է հնա­դա­րեան եւ միջ­նա­դա­րեան Հա­յաս­տա­նի դրա­մա­կան շրջա­նա­ռու­թիւ­նը, դրա­մա­հա­տա­րան­նե­րու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, անդ­րա­դար­ձած է չա­փա­գի­տու­թեան խնդիր­նե­րուն: Դ­րա­մա­գի­տա­կան գան­ձե­րու եւ յա­տուկ գտա­ծո­նե­րու հի­ման վրայ, վեր հա­նած է Հա­յաս­տա­նի դրա­մաշր­ջա­նա­ռու­թեան փու­լա­յին պատ­մու­թիւ­նը: Ներ­կա­յիս, այս բնա­գա­ւա­ռի զար­գա­ցու­մով կը զբա­ղի հայ դրա­մա­գէտ­նե­րու փոքր ըն­տա­նի­քը` բաղ­կա­ցած 10 ան­դամ­նե­րէ: «Չ­նա­յած ո­լոր­տում հսկա­յա­կան աշ­խա­տանք է ի­րա­կա­նա­ցո­ւել, բայց չբա­ցա­յայ­տո­ւած եւ ան­յայտ բա­ներ դե­ռեւս կան»,- յայ­տա­րա­րած է իր հօր հետ­քե­րով շա­րու­նա­կող դրա­մա­գէտ Ա­նա­հիտ Մու­շե­ղեան: