Եւ­րո­պա­յի Խոր­հուր­դի Խորհր­դա­րա­նա­կան Վե­հա­ժո­ղո­վի վեր­ջերս գու­մա­րո­ւած նիս­տին Մ.Ա.Կ.ի Գլ­խա­ւոր Քար­տու­ղար Պան Քի Մու­նի ու­նե­ցած ե­լոյ­թէն ետք, ա­նոր հար­ցեր ուղ­ղած են Ե.Խ.Խ.Վ. պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը: Սթ­րազ­ պուր­կի մէջ ատր­պէյ­ճան­ցի պատ­գա­մա­ւոր Սե­վինճ Ֆա­թա­լիե­ւան Պան Քի Մու­նին հարց ուղ­ղած է՝ այս­պէս ը­սո­ւած «­Հա­յաս­տա­նի կող­մէ Ատր­պէյ­ճա­նի տա­րած­քի 20 տո­կո­սի գրաւ­ման, 1 մի­լիոն փախըս­տա­կան­նե­րու, Հա­յաս­տա­նի կող­մէ Մ.Ա.Կ.ի բա­նա­ձե­ւե­րու չկա­տար­ման վե­րա­բե­րեալ»:

Մ.Ա.Կ.ի Գլ­խա­ւոր Քար­տու­ղա­րը պա­տաս­խա­նած է, որ մտա­հոգ է գրե­թէ ա­մէն օր հրա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րով, եր­բեմն ճա­կա­տագ­րա­կան ել­քե­րով, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի, Հա­յաս­տա­նի ու Ատր­պէյ­ճա­նի սահ­մա­նին:

«Ես նաեւ ան­հանգս­տա­ցած եմ բո­լոր կող­մե­րէն հնչող վտան­գա­ւոր հռե­տո­րա­բա­նու­թեամբ, որ ա­ւե­լի կը սրէ լա­րո­ւա­ծու­թիւ­նը այս եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ: Ես կոչ կ­՛ը­նեմ կող­մե­րուն` գտնել խա­ղաղ լու­ծում­ներ: Ո­րե­ւէ ռազ­մա­կան առ­ճա­կա­տում կ­՛ըլ­լայ ա­ւե­րիչ ոչ միայն 2 եր­կիր­նե­րուն, այլ՝ ամ­բողջ տա­րա­ծաշր­ջա­նին հա­մար: Գի­տեմ, որ հար­ցով կը զբա­ղին Ե.Ա.Հ.Կ. Մինս­կի Խում­բի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը եւ յոյս ու­նիմ, որ Ե.Ա.Հ.Կ. Մինս­կի Խում­բը ու Ե.Ա.Հ.Կ. Գլ­խա­ւոր Քար­տու­ղա­րը կը խրա­խու­սեն կող­մե­րը եւ կը ներգ­րա­ւեն զա­նոնք՝ ա­ռա­ւել ա­ռար­կա­յա­կան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու մէջ, գտնե­լու խնդրի կար­գա­ւոր­ման հա­մար կա­յուն լու­ծում»,- ը­սած է Մ.Ա.Կ.ի Գլ­խա­ւոր Քար­տու­ղա­րը: Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման մի­ջազ­գա­յին յանձ­նա­րա­րու­թիւն ու­նե­ցող ձե­ւա­չա­փը Մինս­կի Խում­բի հա­մա­նա­խա­գա­հու­թիւնն է, եւ կա­րե­ւոր է ոչ միայն ձե­ւա­կան, այլ նաեւ գործ­նա­կան ա­ջակ­ցու­թիւն ցու­ցա­բե­րել ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րուն կող­մէ գոր­ծադ­րո­ւող ջան­քե­րուն` ուղ­ղո­ւած հիմ­նա­հար­ցի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման: Ե­րե­ւա­նի մէջ ՆԱԹՕի Խ.Վ.ի Rose-Roth սե­մի­նա­րի ժա­մա­նակ Հ.Հ. ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Է­դո­ւարդ Նալ­պան­տեան, անդ­րա­դառ­նա­լով Ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան, ը­սած է.- «­Հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րի խա­ղաղ հան­գու­ցա­լու­ծու­մը ա­ռաջ­նա­յին նշա­նա­կու­թիւն ու­նի: Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, պէտք է հա­շո­ւի առ­նել, որ իւ­րա­քան­չիւր հա­կա­մար­տու­թիւն ու­նի իր ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րը, եւ հնա­րա­ւոր չէ մէկ ընդ­հան­րա­կան բա­նա­ձեւ կի­րա­ռել դրանց կար­գա­ւոր­ման նպա­տա­կով: Հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րի հան­գու­ցա­լուծ­մանն ուղ­ղո­ւած ջան­քե­րը պէտք է ըն­թա­նան հա­մա­ձայ­նե­ցո­ւած՝ յա­տուկ բա­նակ­ցա­յին ձե­ւա­չա­փե­րի շրջա­նակ­նե­րում, եւ պէտք է զերծ մնալ այն­պի­սի քայ­լե­րից, ո­րոնք կա­րող են վնա­սել այդ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թաց­նե­րին»: