Լ.Ղ.Հ. կառավարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնէն կը տեղեկանանք, որ Յունիս 20ին Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան այցելած է Շահումեանի շրջան, դիմաւորելու համար Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիով Ռուսաստանէն, Ուքրանիայէն եւ Հայաստանի Հանրապետութենէն, ամառնային հանգիստը անցնելու նպատակով, Արցախ ժամանած աւելի քան 200 ընտանիք:
Նախաձեռնութիւնը կը պատկանի «Արցախ» Հայրենակցական Միութեան նախագահ Վարուժան Գրիգորեանին, որ կը գլխաւորէր հայրենադարձ ընտանիքներու պատուիրակութիւնը:
Վարչապետ Յարութիւնեան, ողջունելով ներկաները, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնածր է «Արցախ» Հայրենակցական Միութեան՝ ի դէմս նախագահ Վարուժան Գրիգորեանի, նման նախաձեռնութեան համար: Ա. Յարութիւնեան նշած է, որ աայցելութիւնը մեծ նշանակութիւն ունի Արցախի ու ծագումով արցախցիներուն համար:
Վարչապետը ընդգծած է, որ նախաձեռնութիւնը ունի նաեւ տնտեսական բաղադրիչ, սակայն ամենակարեւորը արցախցիներուն իրենց պատմական հայրենիքի հետ կապելն է: «Մենք շնորհակալ ենք, որ մեր հայրենակիցներն արձագանգել են այստեղ հանգստանալու կոչին, եւ համոզուած ենք, որ սա շարունակական է լինելու»,- ըսած է Ա. Յարութիւնեան:
Վարչապետը վստահութիւն յայտնած է, որ հանգիստի նպատակով Արցախ ժամանածներուն մէջ կան մարդիկ, որոնք, տարիներ առաջ թողնելով Արցախը, հայրենիք վերադառնալու ցանկութիւն կ’ունենան: «Ես համոզուած եմ, որ այն կեանքը, որ դուք ունէք օտար ափերում, աւելի լաւը չէ, քան հայրենի հողում: Վստահ եմ, որ մենք տեսնելու ենք ընտանիքներ, որոնք ժամանակի ընթացքում վերադառնալու եւ հաստատուելու են Արցախում»,- եզրափակած է վարչապետը:
Իր հերթին «Արցախ» Հայրենակցական Միութեան նախագահ Վարուժան Գրիգորեան, ողջունելով մասնակիցները եւ շնորհակալութիւն յայտնելով վարչապետ Յարութիւնեանին՝ ջերմ ընդունելութեան համար, ըսած է.- «Ես շատ ուրախ եւ ոգեւորուած եմ, որ այսքան մարդ է արձագանգել մեր առաջին կոչին: Իսկապէս, սա հայրենասիրական մեծ քայլ է, եւ կարծում եմ՝ ամէն մի հայ պէտք է գոնէ մէկ-շաբաթեայ հանգիստ անցկացնի իր հայրենի հողում»: Վ. Գրիգորեան խոստացած է, որ նախաձեռնութիւնը շարունակական պիտի ըլլայ: