­altՆա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ներ­կայ գտնո­ւած է «­Վի­քի­մե­տիա Հա­յաս­տան» գի­տակր­թա­կան հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան գրա­սե­նեա­կի բա­ցու­մին:

Հ.Հ. նա­խա­գա­հի աշ­խա­տա­կազ­մի հա­սա­րա­կայ­նու­թեան եւ տե­ղե­կատուու­թեան մի­ջոց­նե­րու հետ կա­պե­րու վար­չու­թեան փո­խանց­մամբ` Հ.Հ. նա­խա­գա­հը այ­ցե­լած է գրա­սե­նեակ, ծա­նօ­թա­ցած է «­Վի­քի­մե­տիա Հա­յաս­տան»ի գոր­ծու­նէու­թեան եւ յա­ռա­ջի­կայ ծրա­գիր­նե­րուն: Նա­խա­գա­հին ներ­կա­յա­ցու­ցած են, որ «­Վի­քի­մե­տիա» Հիմ­նադ­րա­մի հա­յաս­տա­նեան մաս­նա­ճիւ­ղի կար­գա­վի­ճա­կով հիմ­նո­ւած «­Վի­քի­մե­տիա Հա­յաս­տան»ի նպա­տակն է՝ խթա­նել Վի­քի ծրա­գիր­նե­րու տա­րա­ծու­մը եւ զար­գա­ցու­մը Հա­յաս­տա­նի ու տա­րա­ծաշր­ջա­նի մէջ, հան­րայ­նաց­նել ա­զատ գի­տե­լի­քի գա­ղա­փա­րը: Գ­րա­սե­նեա­կի ժո­ղո­վաս­րա­հին մէջ Սերժ Սարգ­սեան մաս­նակ­ցած է Հա­յաս­տա­նի մէջ Վի­քի ծրա­գիր­նե­րու զար­գաց­ման վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րու քննարկ­ման, ո­րուն մաս­նակ­ցած են նաեւ Հ.Հ. կրթու­թեան եւ գի­տու­թեան նա­խա­րար Ար­մէն Ա­շո­տեան, Հ.Հ. մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Յաս­միկ Պօ­ղո­սեան, «Ին­թե­լեկ­թո­ւալ Ռե­նե­սանս» Հիմ­նադ­րա­մի տնօ­րէն Յա­կոբ Յա­կո­բեան, հիմ­նա­դիր Ար­թուր Ջա­նի­բե­կեան, «­Վի­քի­մե­տիա Հա­յաս­տան» Հ.Կ. նա­խա­գահ Սու­սան­նա Մկրտ­չեան, «­Վի­քի­մե­դիա» Հիմ­նադ­րա­մի խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Եան Պարթ տէ Վ­րիտ, Հիմ­նադ­րա­մի շնոր­հա­տո­ւու­թեանց (grants) բաժ­նի եւ Մի­ջազ­գա­յին Հիւ­սի­սա­յին Հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ղե­կա­վար Ա­սաֆ Պար­տով, «­Վի­քի­փե­տիա» կրթա­կան ծրագ­րի ղե­կա­վար Ան­նա Կո­վալ, «Եւ­րո­պեա­նա Գ­լամ» Վի­քի ծրագ­րի հա­մա­կար­գող Ո­ւի­լիըմ Վիաթ, «Ին­թե­լեկ­թո­ւալ Վե­րած­նունդ» Հիմ­նադ­րա­մի տնօ­րէն Մա­րի­նա Սուլ­թա­նեան եւ ծրա­գիր­նե­րու հա­մա­կար­գող Ար­մէն Մար­տի­րո­սեան: «­Վի­քի­մե­տիա Հա­յաս­տան» կազ­մա­կեր­պու­թեան գրա­սե­նեա­կի բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ծի­րէն ներս, մաս­նա­կից­նե­րը դի­տած են նաեւ «Ին­թե­լեկ­թո­ւալ Ռե­նե­սանս» Հիմ­նադ­րա­մի եւ «­Վի­քի­մե­տիա Հա­յաս­տան» գի­տակր­թա­կան հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ար­դիւնք­նե­րը ներ­կա­յաց­նող տե­սա­նիւթ: