Գերմանիոյ Հեսսենի երկրամասին մէջ Հ.Հ. պատուոյ հիւպատոս Պրայան Սթիվըն Ֆերայի նախաձեռնութեամբ եւ գլխաւորութեամբ՝ Երեւան ժամանած է Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան 12 քաղաքներու քաղա
քապետներէ կազմուած ֆութպոլի հաւաքականը, որ ընկերական հանդիպում պիտի ունենայ Երեւանի քաղաքապետարանի խումբին հետ:
Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցմամբ` Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Դաւիթ Օհանեանի ուղեկցութեամբ քաղաքապետները այցելած են Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներու յիշատակին:
Հիւրերը ծաղիկներ խոնարհած են անմար կրակի մօտ, այնուհետեւ այցելած Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, ծանօթացած են փաստագրական նիւթերու ցուցադրութեան, ապա գրառում կատարած են պատուոյ այցելուներու յուշամատեանին մէջ: