­Հա­յաս­տան կը շա­րու­նա­կէ վար­կա­յին մի­ջոց­ներ ներգրա­ւել ­Հիւ­սիս-­հա­րաւ Ճա­նա­պար­հա­յին Մի­ջանց­քի շի­նա­րա­րու­թեան հա­մար: Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վը կը քննար­կէ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան եւ Եւ­րա­սիա­կան Զար­գաց­ման Դրա­մա­տան մի­ջեւ 2015 թո­ւա­կա­նի Ապ­րիլ 14ին ստո­րագ­րո­ւած «­Հիւ­սիս-­հա­րաւ» Ճա­նա­պար­հա­յին Մի­ջանց­քի շի­նա­րա­րու­թեան (4րդ ­հերթ) նա­խա­գի­ծի ֆի­նան­սա­ւոր­ման հա­մար Եւ­րա­սիա­կան Տնտե­սա­կան միութեան հա­կաճգ­նա­ժա­մա­յին հիմ­նադ­րա­մի մի­ջոց­նե­րէն ներդ­րու­մա­յին վար­կի տրա­մադր­ման մա­սին» հա­մա­ձայ­նա­գի­րը: ­Հիմ­նա­կան զե­կու­ցող, Հ.Հ. փո­խադ­րա­մի­ջոց­նե­րու եւ կա­պի նա­խա­րա­րի տե­ղա­կալ Ար­թուր Ա­ռա­քե­լեա­ն յայտ­նած է, որ հա­մա­ձայ­նա­գի­րով կը նա­խա­տե­սո­ւի Եւ­րա­սիա­կան Տնտե­սա­կան միութեան հա­կաճգ­նա­ժա­մա­յին հիմ­նադ­րա­մի մի­ջոց­նե­րէն ներգ­րա­ւել 150 մի­լիոն տո­լա­րի վար­կա­յին մի­ջոց­ներ: «­Վար­կի օգ­տա­գործ­ման ա­ռա­ւե­լա­գոյն ժամ­կէտն է 20 տա­րի, վար­կի տո­կո­սադ­րոյ­քը ֆիք­սո­ւած է 1,65 տո­կոս: ­Վար­կի օգ­տա­գործ­ման 5 տա­րին ար­տօ­նեալ է»,-­ «Ար­մէնփ­րես»­ի հա­ղորդ­մամբ` նշած է Ա­ռա­քե­լեա­ն: Ան նաեւ յայտ­նած է, որ վար­կի մայր գու­մա­րի մա­րու­մը կը նա­խա­տե­սո­ւի ի­րա­կա­նաց­նել ծրագ­րի ի­րա­կա­նաց­ման պա­հէն 5 տա­րի անց: «­Հա­մա­ձայ­նագ­րով նա­խա­տե­սո­ւած է ծրագ­րի ֆի­նան­սա­ւո­րու­մը հե­տե­ւեալ ուղ­ղու­թիւն­նե­րով.- ա­ռա­ջի­նը՝ Ա­գա­րա­կից դէ­պի ­Քա­ջա­րան 20,5 քի­լո­մեթր եր­կա­րու­թեամբ ճա­նա­պար­հի վե­րա­կա­ռուց­ման աշ­խա­տանք­ներն են, երկ­րոր­դը՝ խորհր­դա­տո­ւի ծա­ռա­յու­թիւն­ներն են, ինչ­պէս նաեւ ճար­տա­րա­գի­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը, եր­րոր­դը` վար­կա­յին հա­մա­ձայ­նա­գի­րով չնա­խա­տե­սո­ւած ծախ­սեր 6,5 մի­լիոն տո­լա­րի չա­փով»,-­ ը­սած է Ար­թուր Ա­ռա­քե­լեա­ն: ­Հա­մա­ձայ­նա­գի­րով ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը եւս կը ստանձ­նէ ֆի­նան­սա­կան պար­տա­ւո­րու­թիւն­ներ: ­Մաս­նա­ւո­րա­պէս, պի­տի հա­մա­ֆի­նան­սա­ւո­րո­ւին վար­կա­յին ծրագ­րի ի­րա­կա­նաց­ման ըն­թաց­քին յա­ռա­ջա­ցած ա­նուղ­ղա­կի հար­կե­րը` շուրջ 30 մի­լիոն տո­լա­րի չա­փով: