Ե­րե­ւա­նի մէջ ՕԹԱ­Նի ­Խորհր­դա­րա­նա­կան ­Վե­հա­ժո­ղո­վի ­Ռոզ ­Ռոթ սե­մի­նա­րի ըն­թաց­քին, ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Է­դուարդ ­Նալ­բան­դեան՝ պա­տաս­խա­նե­լով ­Սեր­պիոյ խորհր­դա­րա­նի պատ­գա­մա­ւոր ­Տուպ­րով­քա ­Ֆի­լի­փովս­քա­յա­յի հար­ցու­մին, թէ ինչ­պի­սի՞ն պի­տի ըլ­լան ­Հա­յաս­տա­նի հե­տա­գայ քայ­լե­րը Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն ուղ­ղու­թեամբ, ը­սած է, որ ­Հա­յաս­տան չէ հրա­ժա­րած Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան հետ ­Բաժ­նեկ­ցու­թեան հա­մա­ձայ­նա­գի­րը ստո­րագ­րե­լէ: «­Հա­յաս­տա­նի պատ­ճա­ռով չէ, որ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մի­ջեւ չստո­րագ­րո­ւե­ցաւ ­Բաժ­նեկ­ցու­թեան հա­մա­ձայ­նա­գի­րը, ա­տի­կա լրիւ այլ պատ­ճառ­ներ ու­նէր: ­Մենք ա­ռա­ջար­կե­ցինք ստո­րագ­րել ­Բաժ­նեկ­ցու­թեան հա­մա­ձայ­նա­գի­րի քա­ղա­քա­կան մա­սը, բայց մե­զի ը­սին, որ ա­տի­կա ամ­բող­ջա­կան փաս­տա­թուղթ է: Իսկ յե­տոյ Ուք­րա­նիոյ հետ ստո­րագ­րո­ւե­ցաւ խոր եւ հա­մա­պար­փակ ա­զատ ա­ռեւ­տու­րի գօ­տիի մա­սին հա­մա­ձայ­նա­գի­րը»,- նշած է ­Նալ­բան­դեան` յոյս յայտ­նե­լով, որ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան ­Խոր­հուր­դը կը հաս­տա­տէ լիա­զօ­րու­թիւ­նը եւ կա­րե­լի կ­՛ըլ­լայ շա­րու­նա­կել բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը ­Հա­յաս­տա­նի եւ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան մի­ջեւ:

Իսկ ի­տա­լա­ցի պա­տո­ւի­րա­կի այն հար­ցու­մին, թէ թուր­քե­րը ­Հա­յաս­տա­նի հետ սահ­մա­նի բա­ցու­մը կը կա­պեն հայ­կա­կան հիւ­լէա­կան կա­յա­նի գո­յու­թեան հետ, եւ ա­տի­կա ի­րա­կա­նու­թեան մէջ խնդի՞ր է, թէ՞ պար­զա­պէս ա­ռիթ, ­Նալ­բան­դեան պա­տաս­խա­նած է.- «­Դուք ճիշդ էք, ա­տի­կա շատ հա­ւա­նա­բար կեղծ ա­ռիթ է: Թր­քա­կան կող­մը կը փնտռէ տար­բեր ա­ռիթ­ներ, ո­րոնց մի­ջո­ցով կրնայ ­Հա­յաս­տա­նի դէմ ար­տա­յայ­տո­ւիլ: ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Թուր­քիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րուն մի­ջեւ 15 հան­դի­պում տե­ղի ու­նե­ցած է, եւ այդ հան­դի­պում­նե­րէն ոչ մէ­կուն ժա­մա­նակ թրքա­կան կող­մը ար­ծար­ծած է հայ­կա­կան հիւ­լէա­կան կա­յա­նին հար­ցը»: ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը ան­գամ մը եւս կրկնեց, որ ­Հա­յաս­տան եւ ­Թուր­քիա հա­մա­ձայ­նած են ար­ձա­նագ­րու­թիւն­ներ ստո­րագ­րե­լու ա­ռանց նա­խա­պայ­ման­նե­րու, եւ հի­մա թրքա­կան կող­մը պէտք չէ ո­րե­ւէ պայ­ման ա­ռաջ մղէ: