Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանը բաւարարած է Մինաս Սարգսեանի հայցը՝ ընդդէմ Ատրպէյճանի, նաեւ՝ Էլխան Չիրագովի եւ այլոց հայցը՝ ընդդէմ Հայաստանի, առաջարկելով երկու երկիրներու կառավարութիւններուն՝ ստեղծել աշխատակարգ մը, որուն օգնութեամբ Ղարաբաղեան պատերազմին հետեւանքով ինչքերէ եւ կալ-
ւածներէ զրկուած այդ անձերը պիտի կարենան վերականգնել իրենց սեփականութեան իրաւունքը եւ հատուցում ստանալ:
Չիրագովի հայցով Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանին մէջ տրուած որոշման մասին՝ ատրպէյճանական մեկնաբանութիւններու վերաբերեալ հարցումին Էդուարդ Նալբանդեան պատասխանած է.- «Մարդկային Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանի ծիրին մէջ կամ հովանիին ներքեւ կամ միջնորդութեամբ չէ, որ կ՛ընթանան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախընդիրի լուծման բանակցութիւնները: Ե.Ա.Հ.Կ.ի Մինսքի Խմբակի համանախագահութիւնը միջազգային լիազօրութիւն ունեցող միակ ձեւաչափն է, որ կը զբաղի հիմնահարցին լուծումով»:
Պաշտօնական Պաքուի յայտարարութեան մէջ ըսուած է.- «Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունած է Եւրոպական Դատարանի որոշումը, որ փաստօրէն վերջ դրաւ Հայաստանի ժխտողականութեան` Ատրպէյճանի տարածքներու ապօրինի բռնագրաւում կատարած ըլլալու եւ Ատրպէյճանի տարածքին մէջ զինուորական ներկայութիւն ունենալու փաստերուն նկատմամբ»:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը հակադարձած է.- «Չիրագովի հայցով տրուած որոշումը կը վերաբերի անհատական դատական գործին, որ չի կրնար ազդել Ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման շուրջ բանակցային հոլովոյթին վրայ: Ատրպէյճանի կողմէ յիշեալ որոշման շահարկումը կրնայ միայն վնաս հասցնել խաղաղ լուծման ջանքերուն: Գաղթականներու եւ տեղահանուած անձերու վերադարձի իրաւունքին կապուած հարցերը բանակցային հոլովոյթի բաղկացուցիչ մաս կը կազմեն: Անոնք կրնան լուծում ստանալ հիմնախնդիրի համապարփակ լուծման շնորհիւ: Այս մասին կը նշուի նաեւ Ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման վերաբերեալ եռանախագահող երկիրներու ղեկավարներու յայտարարութիւններուն մէջ»: